Թուրքիա. Ձերբակալուած Են Քրտամէտ Կուսակցութեան 11 Երեսփոխաններ, Ներառեալ Համանախագահները - Հայերէն
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Լուսափայլ

Հայերէն :

06 Kasım 2016  

Թուրքիա. Ձերբակալուած Են Քրտամէտ Կուսակցութեան 11 Երեսփոխաններ, Ներառեալ Համանախագահները -

Թուրքիա. Ձերբակալուած Են Քրտամէտ Կուսակցութեան 11 Երեսփոխաններ, Ներառեալ Համանախագահները Թուրքիա. Ձերբակալուած Են Քրտամէտ Կուսակցութեան 11 Երեսփոխաններ, Ներառեալ Համանախագահները

Թրքական «Էվրենսել» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մէջ ձերբակալուած են քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան 11 երեսփոխաններ, ներառեալ կուսակցութեան համանախագահներ Սելահեթթին Տեմիրթաշը եւ Ֆիկեն Եիւքսեքտաղը:

Տեմիրթաշ «Թուիթըր»-ի վրայ յայտնած է իր ձերբակալութեան մասին: «Բռնի ուժով ձերբակալման հրամանով` անվտանգութեան աշխատակիցները Տիարպեքիրի տանս դրան դիմաց են», գրած է ան:

Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը հաստատած է ընդդիմադիր 11 երեսփոխաններու ձերբակալութեան մասին լուրը:

Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան ձերբակալուած անդամներն են` Սելահեթթին Տեմիրթաշ, Ֆիկեն Եիւքսեքտաղ, Իտրիս Պալուքեն, Սըրրը Սիւրէյիա Էօնտեր, Ֆերհաթ Էնճու, Կիւլսեր Եըլտըրըմ, Սելմա Ըրմաք, Զիա Փիր, Նուրսել Այտողան, Լէյլա Պիրլիք, Ապտուլլա Զէյտան:

Ձերբակալման ենթակայ անձերու ցուցակին վրայ են նաեւ երեսփոխաններ Ֆայսալ Սարըյըլտըզ եւ Թուղպա Հեզեր Էօզթիւրք, որոնք երկրէն դուրս գտնուելով տակաւին չեն ձերբակալուած:

Մայիսին Թուրքիոյ խորհրդարանի սահմանադրական յանձնախումբը որդեգրած էր Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան շարք մը երեսփոխաններ անձեռնմխելիութենէ զրկելու մասին որոշում մը:

Այժմ երեսփոխաններու անձեռնմխելիութեան մասին օրէնքը, որ ամրագրուած էր Թուրքիոյ սահմանադրութեան 83-րդ յօդուածով եւ որով կ՛արգիլուէր երեսփոխանները «ձերբակալել, հարցաքննել, դատապարտել առանց խորհրդարանի արտօնութեան», կը նկատուի անվաւեր:

Յիշեցնենք, որ դեկտեմբեր 2015-ին, Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու քննադատած էր Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան քաղաքականութիւնը եւ անոր անդամները մեղադրած Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) հետ կապեր ունենալու յանցանքով:

«Անֆթիւրքճէ» կայքը հաղորդեց, որ Եւրոպայի մէջ գործող քրտական կազմակերպութիւնները քրտամէտ կուսակցութեան երեսփոխաններու ձերբակալութեան դէմ բողոքի ցոյցեր կատարած են Գերմանիոյ, Ֆրանսայի, Անգլիոյ եւ Աւստրիոյ շուրջ 20 քաղաքներու մէջ: Միւս կողմէ, Թուրքիոյ իշխանութիւնները Վանի մէջ արգիլեցին ցոյցերը: Որոշումը ի զօրու պիտի ըլլայ մինչեւ 11 նոյեմբեր:

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի երէկ յայտարարեց. «Խորապէս մտահոգուած եմ Սելահեթթին Տեմիրթաշի եւ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան միւս երեսփոխաններուն ձերբակալութեամբ: Կապի մէջ եմ իշխանութիւններուն հետ: Անգարայի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպանները հրաւիրած եմ հանդիպումի»:

Յայտնենք, որ թրքական իշխանութիւնները երէկուընէ ի վեր Թուրքիոյ տարածքին արգիլած են ընկերային հաղորդակցութեան ցանցերը` «Թուիթըր», «Ֆէյսպուք», «Ուաթս Ափ» եւ այլն:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+