Փութին Կը Հրամայէ Հալէպի Մէջ Օդային Հարուածներու Արգելքը Երկարաձգել Մինչեւ Ուրբաթ - Հայերէն
22 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Կամաւօտ

Հայերէն :

03 Kasım 2016  

Փութին Կը Հրամայէ Հալէպի Մէջ Օդային Հարուածներու Արգելքը Երկարաձգել Մինչեւ Ուրբաթ -

Փութին Կը Հրամայէ Հալէպի Մէջ Օդային Հարուածներու Արգելքը Երկարաձգել Մինչեւ Ուրբաթ Փութին Կը Հրամայէ Հալէպի Մէջ Օդային Հարուածներու Արգելքը Երկարաձգել Մինչեւ Ուրբաթ

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հրամայեց Հալէպի մէջ օդային հարուածներու արգելքը երկարաձգել մինչեւ ուրբաթ, առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց, որ Հալէպի մէջ զինադադար հաստատելը անկարելի պիտի ըլլայ, եթէ զինեալ խմբաւորումները շարունակեն իրենց յարձակումները:

«Ռաշա Թուտէյ» հաղորդեց, որ Փեսքով յայտնած է, թէ զինադադարը տակաւին ի զօրու է եւ աշխատանքը կը շարունակուի արեւելեան Հալէպէն քաղաքայիններու եւ վիրաւորներու հեռացման, ինչպէս նաեւ մարդասիրական օժանդակութիւններու մատակարարման յարմար պայմաններու ստեղծման վերաբերեալ:

Ան ընդգծեց, որ նշեալ բոլոր միջոցառումները անկարելի պիտի դառնան, եթէ զինեալ խմբաւորումները շարունակեն բնակելի թաղամասերու եւ մարդասիրական միջանցքներու ռմբակոծումը, յարձակում գործեն` քաղաքայինները վերածելով մարդկային վահաններու:

Բրիտանական «Թայմզ» օրաթերթը` յղում կատարելով գաղտնի սպասարկութեան մը մէջ իր աղբիւրին, հաղորդեց, որ Փութին Հալէպի դէմ լայնածաւալ յարձակումի շղթայազերծման հրամանը պիտի տայ այս շաբաթ` նշելով, որ Ռուսիոյ նախագահը պիտի օգտագործէ Ուաշինկթընի մէջ նախագահական ընտրութեան օրուան ընթացքին «քաղաքական դադար»-ը, իսկ յարձակումը կախալ է ծանր յածանաւ «Ծովակալ Քուզնեցով»-ի տագնապի շրջան ժամանումէն:

«ՌԻԱ Նովոսթի» հաղորդեց, որ Ռուսիոյ զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետ Վալերի Կերասիմով յայտարարած է, որ հաշուի առնելով Միացեալ Նահանգներու ընդդիմութիւնը ահաբեկիչներէն տարանջատելու հարցին մէջ անկարողութիւնը` Ռուսիոյ զինուորական գերատեսչութիւնը կը դիմէ զինեալ խումբերու ղեկավարներուն` դուրս գալու Հալէպէն:

«Հաշուի առնելով մեր ամերիկացի գործընկերներուն անկարողութիւնը` բոլոր զինեալ խումբերու ղեկավարներուն կը դիմենք կոչ ուղղելով դադրեցնելու զինուորական գործողութիւնները եւ իրենց զէնքերով դուրս գալու Հալէպէն: Ատոր համար բաց են երկու միջանցքներ, որոնցմէ պիտի հեռացուին բոլոր կառավարական զօրքերն ու սպառազինութիւնը», ըսած է Կերասիմով:

Ըստ անոր, միջանցք մը բացուած է թուրք-սուրիական սահման երթալու համար, երկրորդը` Իտլիպ: Կերասիմով աւելցուցած է, որ մնացեալ վեց միջանցքները կը գործեն խաղաղ բնակիչներու դուրս գալու, հիւանդներու եւ վիրաւորներու հեռացման համար:

Ռուսիոյ բանակի սպայակոյտի պետը յայտարարած է, որ Հաշտեցման ռուսական կեդրոնը եւ կառավարական զօրքերը պիտի ապահովեն Հալէպ քաղաքէն դուրս եկող զինեալ խմբաւորումներու եւ խաղաղ բնակիչներու անվտանգութիւնը:

Լաւրով. «Ռուսիան, Միացեալ Նահանգները, Թուրքիան, Սէուտական Արաբիան
Եւ Քաթարը Կը Շարունակեն Սուրիոյ Կացութեան Լուծման Ջանքերը»

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարած է, որ Մոսկուան` Միացեալ Նահանգներու, Սէուտական Արաբիոյ, Քաթարի եւ Թուրքիոյ հետ միասնաբար կը շարունակէ սուրիական տագնապի լուծման ջանքերը:

«Մենք արդէն քանի մը ամիս է` կը ձգտինք լուծել Հալէպ քաղաքի խնդիրը: Եղած են ռուս-ամերիկեան համապատասխան համաձայնութիւններ: Դժբախտաբար, Միացեալ Նահանգները, երբ այդ համաձայնութիւնները գոյացած էին, ըստ էութեան դուրս եկան անոնցմէ: Քանիցս յայտարարուած են մարդասիրական դադարներ: Այժմ արդէն երկու շաբաթ է` ո՛չ ռուսական, ո՛չ սուրիական օդուժը կը գործեն Հալէպի մէջ: Սակայն ամէն անգամ ծայրայեղականները այդ մարդասիրական զինադադարները կ՛օգտագործեն իրենց շարքերը համալրելու, զինանոցը համալրելու համար», ըսած է ան Յունաստանի նախագահ Փրաքոփիս Փաւլոփուլոսի հետ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին:

«Մենք կը շարունակենք ջանքերը ամերիկացիներու, Սէուտական Արաբիոյ, Քաթարի եւ Թուրքիոյ ներկայացուցիչներուն հետ միասին, այդ ճգնաժամը լուծելու կարելիութիւններ կը փնտռենք», ըսած է ռուսական դիւանագիտութեան պետը:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտնեց. «Անգարայի եւ Մոսկուայի միջեւ Սուրիոյ մէջ ընդդիմութիւնը ահաբեկիչներէն անջատելու սկզբունքին շուրջ տարակարծութիւն գոյութիւն ունի»:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+