02 Kasım 2016
Պոսթոնի «Սայաթ Նովա» պարի հայկական համոյթը պիտի մասնակցի Նիւ Եորքի մէջ գոհաբանութեան օրուան նուիրուած 90-րդ շքերթին: Իր ելոյթին մէջ «Սայաթ Նովա» պարախումբը պիտի ներկայացնէ հայկական յայտնի «Քոչարի» ու «Բերդ» պարերը, կը յայտնէ Azbarez-ը:
Կը նշուի, որ ամէն տարի շքերթին մասնակցելու համար կ՛ընտրուին ամենատաղանդաւոր դերասաններն ու համոյթները:
Կ՛ակնկալուի, որ շքերթին ներկայ պիտի գտնուի մօտ 3 միլիոն հանդիսատես, իսկ հեռուստացոյցով հեռարձակման պիտի հետեւի մօտ 50 միլիոնը:
2016-ին հայկական համոյթը ընտրուած է 100 թեկնածուներէն:
Պոսթոնի «Սայաթ Նովա» պարի հայկական պարախումբը կազմուած է 1986-ին: Վերջին 30 տարուայ մէջ ան մասնակցած է ԱՄՆ տարբեր փառատօներու, արժանացած է բազմաթիւ պարգեւներու: