02 Kasım 2016
Պելճիքայի Ծերակոյտի նախագահ Քրիսթին Տըֆրէյն Պելճիքայի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնելու անհրաժեշտութիւն կը տեսնէ:
«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանի հետ հանդիպումէն ետք լրագրողներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին Պելճիքայի Ծերակոյտի նախագահը նշած է, որ Պելճիքայի խորհրդարանը եւրոպական խորհրդարաններուն մէջ առաջիններէն մէկն էր, որ 1998-ին որդեգրեց Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող ուժեղ բանաձեւ մը: «Եւ մենք նոյնիսկ քայլեր կատարեցինք աւելի յառաջ երթալու եւ Ցեղասպանութեան ժխտման համար քրէական պատասխանատուութիւն սահմանելու: Մենք բաւական կանուխ սկսանք աշխատիլ այդ ուղղութեամբ: Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը պէտք է գնահատուի իբրեւ յանցագործութիւն: Այն ժամանակ մենք չհասանք մեր նպատակին, սակայն ես կը կարծեմ, որ Պելճիքայի տարբեր մակարդակի խորհրդարաններու կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւերու որդեգրումով մենք պիտի հասնինք մեր նպատակի իրագործման», ըսած է ան:
Ան աւելցուցած է, որ խօսքը այն մասին չէ, որ խորհրդարանները պիտի թելադրեն պատմութիւնը, այլ ուղղակի անհրաժեշտ է պատմութիւնը փոխանցել նոր սերունդներուն, որպէսզի մէկ անգամ ընդմիշտ դատապարտուին ցեղասպանութեան բոլոր արարքները:
«Մեր երկիրները պէտք է երթան դէպի ապագայ: Ես կը կարծեմ, որ մեր ժողովուրդները ունին նոյնանման արժէքներ, եւ ես նաեւ կը կարծեմ, որ մենք միասին կրնանք շարունակել այդ ճամբան», աւելցուցած է Պելճիքայի Ծերակոյտի նախագահը:
Քրիսթին Տըֆրէյն նշած է, որ Եւրոպայի դռները Հայաստանի առջեւ միշտ բաց են: «Մենք կը հասկնանք, որ Հայաստանը կը գտնուի աշխարհաքաղաքական բարդ դիրքի մէջ, սակայն պէտք է ըսեմ, որ Եւրոպայի դռները միշտ բաց են բանակցութիւններու, որեւէ մարզի մէջ աշխատանքի եւ միասնական զարգացման համար: Պելճիքան ջանքեր պիտի չխնայէ` սատարելու Հայաստանին իր որոշումներուն մէջ», յայտնած է ան: