Թուրքիոյ Մէջ Աւարտած Է Մահապատիժին Վերաբերող Օրինագիծի Մշակման Փուլը - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Խաւարակ

Հայերէն :

02 Kasım 2016  

Թուրքիոյ Մէջ Աւարտած Է Մահապատիժին Վերաբերող Օրինագիծի Մշակման Փուլը -

Թուրքիոյ Մէջ Աւարտած Է Մահապատիժին Վերաբերող Օրինագիծի Մշակման Փուլը Թուրքիոյ Մէջ Աւարտած Է Մահապատիժին Վերաբերող Օրինագիծի Մշակման Փուլը

Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ընդհանուր ժողովին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարած է, որ աւարտած է մահապատիժը վերականգնելու վերաբերեալ օրինագիծին մշակման փուլը, եւ նախագիծը արդէն քննարկման պիտի դրուի խորհրդարանին մէջ:

«Անատոլու» կը հաղորդէ, որ վարչապետը նշած է, թէ Թուրքիոյ մէջ մահապատիժի մասին օրէնքի որդեգրումը փոխզիջումային քայլեր կը պահանջէ խորհրդարանին մէջ:

«Մահապատիժի որդեգրումը պիտի նշանակէ սահմանադրական կարեւոր փոփոխութիւններ, իսկ ատիկա կ՛ենթադրէ փոխզիջումային քայլեր խորհրդարանին մէջ», յայտարարած է Եըլտըրըմ:

Ան շնորհակալութիւն յայտնած է Թուրքիոյ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ղեկավար Տեւլեթ Պահչելիին` մահապատիժի վերաբերեալ սահմանադրական փոփոխութիւններուն ի նպաստ արտայայտուելուն համար:

Թուրքիոյ վարչապետը շեշտած է, որ այդ սահմանադրական փոփոխութիւններով իրենք կը պատրաստուին վերջին մահացու հարուածը հասցնելու ներքին թշնամիներուն:

«Մահապատիժի Որդեգրումը Պիտի Դառնայ Թուրքիոյ`
Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան Վերջը» Կ՛ըսէ Մերքելի Բանբերը

«Տէօչէ Վելլէ» կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ վարչապետի բանբեր Շթեֆան Զայպերթ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Պերլին խստիւ կը դատապարտէ Թուրքիոյ մէջ «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթին եւ անոր լրագրողներուն դէմ ոստիկանութեան գործողութիւնները:

Ընդգծելով, որ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել մեծապէս կարեւոր կը նկատէ մամլոյ ազատութիւնը, եւ այս հարցը կը քննարկուի Գերմանիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ տեղի ունեցող հանդիպումներուն ընթացքին, Զայպերթ ըսած է. «Նախորդ ամիս Փոթստամի մէջ Մերքելի հիւրերու շարքին էր նաեւ «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթի նախկին գլխաւոր խմբագիր Ճան Տիւնտար: Կ՛ուզեմ յիշեցնել Մերքելի խօսքը, որ ուղղուած էր Տիւնտարին: Վարչապետը ըսաւ. «Մամլոյ ազատութիւնը կարելի է, երբ պետութեան միջամտութիւն եւ գրաքննութիւն չկան»: Մամլոյ ազատութեան մասին ասոնք են մեր ընկալումները եւ այս մասին տաբեր մակարդակներու հանդիպումներու ընթացքին մենք յայտնած ենք թրքական կառավարութեան»:

Ան անդրադարձած է նաեւ Թուրքիոյ մէջ մահապատիժի վերականգնման մասին թուրք պաշտօնատարներու յայտարարութիւններուն` նշելով. «Մահապատիժի հետ կապուած մեր դիրքորոշումը յստակ է եւ անփոփոխ: Մահապատիժ կիրարկող երկիրը չի կրնար դառնալ Եւրոպական Միութեան անդամ: Հետեւաբար, մահապատիժի որդեգրումը պիտի դառնայ Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան վերջը»: Զայպերթ ընդգծած է, որ ասիկա ոչ միայն Գերմանիոյ, այլ նաեւ այս հարցին վերաբերեալ ամբողջ Եւրոպայի դիրքորոշումն է:

Թուրքիոյ ընդդիմադիր լրատուամիջոցները լռեցնելու դէպքերուն առնչութեամբ մտահոգութիւն յայտնած է նաեւ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, որուն բանբեր Զաւզան Չեպլի նշած է, որ Թուրքիոյ մէջ մամլոյ ազատութեան հետ կապուած իրադարձութիւնները խստօրէն կ՛անհանգստացնեն զիրենք:

«Ճումհուրիյէթ»-ի գլխաւոր խմբագիրին ձերբակալութիւնը դատապարտած է նաեւ Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլց:

«Թուրքիոյ Մէջ Մահապատիժի Սահմանումը Կրնայ Փակել
Անոր Առջեւ Եւրոպական Միութեան Դռները» Կ՛ըսէ Քուրց

«Քորրեսփոնտընթ» կայքը կը հաղորդէ, որ 30 հոկտեմբերին Եւրոպական խորհուրդին մէջ մտահոգութիւն յայտնած են Թուրքիոյ մէջ մահապատիժի հաւանական որդեգրման առնչութեամբ:

Եւրոպական խորհուրդի մամլոյ քարտուղար Տանիէլ Հոլտկեն «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է. «Մահապատիժի սահմանումը անհամատեղելի է Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հետ: Մենք մտահոգուած ենք այդ առնչութեամբ եւ բացատրութիւններ կը պահանջենք»:

Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարար Սեպասթիան Քուրց իր կարգին յայտարարած է, որ այդպիսի ծրագիրները «կրնան փակել երկրին առջեւ Եւրոպական Միութեան դռները»:

«Մահապատիժը պատիժի դաժան ձեւ մըն է, որ պէտք է չեղեալ յայտարարուի ամբողջ աշխարհի վրայ եւ որ ակնյայտօրէն համատեղելի չէ եւրոպական արժէքներուն հետ», աւելցուցած է Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարարը:

Նախապէս հաղորդուած է, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած էր, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը փաստաթուղթ մը պատրաստած է երկրին մէջ մահապատիժ սահմանելու վերաբերեալ եւ մօտիկ ապագային մտադիր է զայն խորհրդարանի հաստատման ներկայացնել:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+