29 Ekim 2016
Հոկտեմբեր 28-ին Սուրիայէն Հայաստան ժամանած են Նարինեաններու, Ղարիբեաններու Եւ Սապաներու Ընտանիքները :
Ընտանիքներուն «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ դիմաւորած են ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի հայ համայնքներու վարչութեան պետ Լեւոն Անտոնեան, «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող» ՀԿ-ի աշխատակից Նորա Փիլիպոսեան եւ Հայ Աւետարանական ընկերակցութեան Երեւանի գրասենեակի հասարակայնութեան հետ կապերու պատասխանատու Լուսինէ Օհանեան: Դիմաւորելու եկած էին նաեւ սուրիահայ ընտանիքներուն հարազատները:
Լեւոն Անտոնեան «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ըսաւ, որ սուրիահայ ընտանիքները ժամանակաւորապէս իրենց հարազատներու բնակարաններուն մէջ պիտի բնակին, մինչեւ անոնց համար բնակարաններ վարձակալուին: Բնակավարձը պիտի տրամադէ Հայ Աւետարանական ընկերակցութիւնը:
Մէկ ընտանիք ժամանակաւոր բնակութիւն պիտի հաստատէ Հարաւ-արեւմտեան թաղամասին մէջ ապրող հրազատներուն տունը: Միւս երկու սուրիահայ ընտանիքները ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան տրամադրած հանրակառքով օդակայանէն տեղափոխուած են Մալաթիա-Սեբաստիա վարչական շրջան եւ Արմաւիրի մարզի Փարաքար գիւղ, ուր կ’ապրին իրենց բարեկամները:
Աւելցնենք նաեւ, որ Հայաստան տեղափոխութեան ծախսերը հոգացած է Հայ Աւետարանական ընկերակցութիւնը: