21 Ekim 2016
Թուրքիոյ փոխվարչապետ Նուման Քուրթուլմուշ յայտնեց. «Մենք Իրաք չենք գտնուիր զայն գրաւելու համար, այլ օգնելու իրաքցի ժողովուրդին, եւ Իրաքի մէջ մեր ցանած բարիքին արդիւնքը պիտի քաղենք»:
«Մենք երկու տարիէ ի վեր կը մարզենք իրաքեան ուժերը, եւ անվտանգութիւն ու կայունութիւն պիտի հաստատուի», ըսաւ ան:
«Մենք Մուսուլի մէջ գետնի վրայ կը գտնուինք, ինչպէս նաեւ բանակցութիւններու սեղանին վրայ: Մեր ներկայութիւնը իրաքեան կառավարութեան եւ քաղաքին բնակչութեան հրաւէրով էր», ըսաւ Թուրքիոյ փոխվարչապետը: