21 Ekim 2016
Կազեթա.ռու կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին, Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել եւ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ Պերլինի մէջ ունեցած են 1,5 ժամ տեւողութեամբ հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկած են Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակը:
Ըստ Գերմանիոյ վարչապետին, բանակցութիւնները եղած են բաւական կոշտ:
«Կազեթա.ռու» կ՛աւելցնէ, որ սուրիական հարցով հանդիպումին նախորդած էին «նորմանտական քառեակ»-ի ծիրին մէջ Փութինի, Մերքելի, Հոլլանտի եւ Ուքրանիոյ նախագահ Փիոթր Փորոշենքոյի բանակցութիւնները` Տոնպասի մէջ ստեղծուած իրավիճակին շուրջ:
Համաձայնութիւն գոյացած է յառաջիկայ քայլերուն վերաբերեալ: Փութին հանդիպումէն ետք ըսած է. «Նախ եւ առաջ ատիկա կը վերաբերի մինսքեան համաձայնութիւններու իրագործման: Հանդիպումին բոլոր մասնակիցները հաստատած են, որ Ուքրանիոյ հարաւ-արեւելքը ստեղծուած իրավիճակի լուծման հիմերը պէտք է ըլլան մինսքեան համաձայնութիւնները»:
Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով աւելի ուշ յայտնեց, որ Ռուսիոյ նախագահը ընդհանուր առմամբ համաձայն գտնուած է արեւելեան Ուքրանիոյ մէջ «զինեալ առաքելութեան մը տեղակայման»:
Ան նաեւ յայտարարեց. «Ռուսիա կրնայ Հալէպ քաղաքին մէջ ռուսական օդային հարուածներու կասեցման ժամկէտը երկարաձգել` պայմանով, որ ընդդիմութիւնը այդ ժամանակամիջոցը չօգտագործէ իր ուժերու վերադասաւորման կամ յարձակումներու վերսկսման համար»: