21 Ekim 2016
«Երկիր» կը հաղորդէ, որ քանի մը օր առաջ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Ռիզէ քաղաքի (պատմական Տայք) համալսարանին մէջ խօսք մը արտասանելով` ուղղակիօրէն յայտարարած է. «Մեր երկրին 79 միլիոն բնակիչներէն բացի գոյութիւն ունին եւս միլիոնաւոր եղբայրներ, որոնք կ՛ապրին այլ աշխարհագրական շրջաններու մէջ, որոնց հետ մենք պատմական կապեր ունինք: Մեր հետաքրքրութիւններու շրջագիծին մէջ կը մտնեն Իրաքը, Սուրիան, Լիբանանը, Խրիմը, Ղարաբաղը, Ազրպէյճանը, Պոսնիան եւ այլ եղբայրական շրջաններ: Երբ Թուրքիան կորսնցնէ իր անկախութիւնը եւ իր ապագան, այն ատեն պիտի կորսնցնենք հետաքրքրութիւնը այդ տարածքներուն նկատմամբ»:
Էրտողան 15 հոկտեմբերին նաեւ յայտարարած է. «Բազմաթիւ պատմաբաններ կը նկատեն, որ Թուրքիոյ սահմաններուն մէջ պէտք է մտնեն Կիպրոսը, Հալէպը, Մուսուլը, Էրպիլը, Քերքուքը, Պաթումը, Թեսաղոնիկէն, Վառնան, Արեւմտեան Թրակիան եւ Եգէական ծովու կղզիները»: