21 Ekim 2016
Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 28-ին, երեկոյեան ժամը 8-ին տեղի պիտի ունենայ Զեփիւռ Ճերահեանի անդրանիկ անհատական ցուցահանդէսին բացումը, Հայկական արուեստներու ցուցադրասրահին մէջ (1125 S. Central Ave., Glendale, CA 91204)։
ԱՄՆ-ի «Ասպարէզ» օրաթերթին տեղեկութիւններով՝ Զեփիւռ Ճերահեանի սոյն ցուցահանդէսը նուիրուած է գաղթականական տագնապին, յատկապէս՝ Սուրիոյ տագնապի լոյսին տակ։ Անոր ստեղծագործութեանց նիւթը գաղթականութեան անորոշութեան մատնուած կիներ ու երախաներ են։ Արուեստագէտը այս շարքի պատրաստութեան համար կատարած ուսումնասիրութեան ընթացքին իմացած է, թէ առնուազն 65 միլիոն գաղթականներ կան աշխարհի տարածքին, եւ անոնց 54 տոկոսը կու գայ երեք երկիրներէ՝ Սոմալիա, Աֆղանիստան եւ Սուրիա։
Այդ գաղթականներուն տառապանքը լուսարձակի տակ առնելու նպատակով, «Չլսուող ձայներ. Գաղթական կիներ եւ երեխաներ» խորագրուած ցուցահանդէսը բաց պիտի ըլլայ նաեւ Հոկտեմբեր 29-ին եւ 30-ին, երեկոյեան ժամը 5-10։