Սուրիոյ Մէջ Հանրաքուէ Կատարելու Համար Ներկայ Քաղաքական Պայմաններու Պատրաստութիւն Տեղի Կ՛ունենայ» Կ՛ըսէ Զար - Հայերէն
24 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Աղջամուղջ

Հայերէն :

20 Ekim 2016  

Սուրիոյ Մէջ Հանրաքուէ Կատարելու Համար Ներկայ Քաղաքական Պայմաններու Պատրաստութիւն Տեղի Կ՛ունենայ» Կ՛ըսէ Զար -

Սուրիոյ Մէջ Հանրաքուէ Կատարելու Համար Ներկայ Քաղաքական Պայմաններու Պատրաստութիւն Տեղի Կ՛ունենայ» Կ՛ըսէ Զար Սուրիոյ Մէջ Հանրաքուէ Կատարելու Համար Ներկայ Քաղաքական Պայմաններու Պատրաստութիւն Տեղի Կ՛ունենայ» Կ՛ըսէ Զարիֆ

«Մեհր» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ երէկ առտու Իրանի խորհրդարանի դռնփակ նիստին ընթացքին ներկայացուցած է շրջանային իրադարձութիւնները եւ Լոզանի վերջին ժողովին մէջ Սուրիոյ հարցով արձանագրուած զարգացումները:

Զարիֆ յայտնած է, որ Լոզանի ժողովին մասին իր գնահատումը այն է, որ Սուրիոյ մէջ հանրաքուէ կատարելու համար ներկայ քաղաքական պայմաններու պատրաստութիւն տեղի կ՛ունենայ` աւելցնելով, որ նախապէս հակառակորդ կողմերուն կարծիքով սուրիական տագնապի միակ լուծումը Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը իշխանութենէ հեռացնելն էր, սակայն այսօր անոնք կ՛աշխատին հանրաքուէի կայացման ուղղութեամբ:

Իրանեան դիւանագիտութեան պետը բացատրած է այն պայմանները, որոնք Իրանը մղած են համաձայն գտնուելու Լոզանի ժողովին մասնակցելու: Ան ըսած է, որ իր երկիրը պայման դրած է, որ Լոզանի ժողովին ապահովուի միջազգային հաւասարակշռուած ներկայութիւն, եւ ոչ թէ միայն Քաթարը, Թուրքիան եւ Սէուտական Արաբիան ներկայ գտնուին:

Զարիֆ նշած է, որ հակառակորդ կողմը ընդունած է Իրանի պայմանները, որուն հիմամբ ալ ժողովին մասնակցելու հրաւիրուած են Իրաքն ու Եգիպտոսը:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+