20 Ekim 2016
Թուրքիոյ փոխվարչապետ Նուման Քուրթուլմուշ յայտնեց, որ իր երկիրը աշխատանք կը տանի կանխարգիլելու շրջանին մէջ երկրորդ «Սայքս-Փիքօ» մը` նշելով, որ Իրաքի մէջ թուրք զինուորներուն ներկայութիւնը ամբողջովին օրինական է, եւ պէտք չէ առիթ ընծայել Պաաշիքա ճամբարին մէջ թրքական զինուորական ներկայութիւնը վտանգող որեւէ զարգացումի:
Քուրթուլմուշ ըսաւ, որ Թուրքիան որեւէ այլ երկրի մէկ թիզ հողին նկատմամբ ախորժակներ չունի: Ան նշեց, որ Մուսուլը ՏԱՀԵՇ-էն ազատագրելը հարցին աւարտը չէ, այլ սկիզբը` աւելցնելով. «Տուեալները ցոյց կու տան, որ շիիական աշխարհազօրայիններն ու քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւնը չեն մասնակցիր ցամաքային ճակատամարտին, եւ կը յուսանք, որ չմասնակցին»:
«Վերջ ի վերջոյ Թուրքիան ստիպուած է ներկայ գտնուիլ շրջանին բոլոր հաւասարակշռութիւններուն մէջ, եւ Ամերիկան, Ռուսիան ու իրաքեան կառավարութիւնը ատիկա գիտեն», ըսաւ Թուրքիոյ փոխվարչապետը` նշելով, որ կարգ մը կողմեր կ՛ուզեն, որ Թուրքիան բանակցութեան սեղանին ներկայանայ կարելի եղածին չափ տկարացած, որպէսզի չստանայ դիրք մը, որ իրեն կ՛արտօնէ շրջանին մէջ նպատակադրուած «խաղը» խանգարել:
«Անատոլու» հաղորդեց, որ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Ֆիքրի Ըշըք յայտարարած է, որ Մուսուլի մէջ ընթացող զինուորական գործողութեան թրքական օդուժի մասնակցութեան վերաբերեալ համաձայնութիւն գոյացած է Միացեալ Նահանգներու գլխաւորած Միջազգային դաշինքի ուժերուն հետ:
Ֆիքրի Ըշըք աւելցուցած է, որ Թուրքիան եւս հրաւիրուած է յառաջիկայ օրերուն Փարիզի մէջ տեղի ունենալիք Մուսուլի գործողութեան վերաբերեալ հանդիպումին: «Փարիզի մէջ տեղի ունենալիք ժողովին Թուրքիոյ մասնակցութիւնը բնական է եւ պարտադիր: Առանց Թուրքիոյ Մուսուլի հարցը չի կրնար լուծուիլ», ըսած է ան` աւելցնելով. «Բնական է, որ Մուսուլի հարցով զարգացումներու եւ ժողովներու ժամանակ Թուրքիան ներկայ է: Առանց Թուրքիոյ Մուսուլի ապագային վերաբերեալ որեւէ որոշում որդեգրելը անկարելի է»:
Միւս կողմէ, Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը հաղորդեց, որ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահներ Վլատիմիր Փութին եւ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան թրքական կողմին նախաձեռնութեամբ կատարուած հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին կարծիքներ փոխանակած են սուրիական ճգնաժամի լուծման հարցերուն շուրջ եւ արծարծած Մուսուլի ազատագրման նպատակով Իրաքի մէջ ընթացող գործողութիւնը:
«Ռուսական կողմը մասնաւորաբար ընդգծած է Ժապհաթ Նուսրայի եւ անոր միացած ահաբեկչական միւս խմբաւորումներէն չափաւոր ընդդիմութեան ջոկատներու յստակ սահմանազատման ապահովման կարեւորութիւնը», ըսուած է Քրեմլինի հաղորդագրութեան մէջ: