20 Ekim 2016
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 19 հոկտեմբերին ընդունած է «Հիւլէական հետազօտութիւններու միացեալ հիմնարկի օրերը Հայաստանի մէջ» խորագիրով գիտաժողովին մասնակցելու նպատակով Հայաստան գտնուող գիտնականներու պատուիրակութիւնը` հիմնարկի տնօրէն, բնագիտական¬ուսողական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսէօր, ակադեմիկոս Վիքթոր Մաթվէեւի գլխաւորութեամբ:
Գիտաժողովը տեղի կ՛ունենայ 19-22 հոկտեմբերին Երեւանի մէջ եւ նուիրուած է Հիւլէական հետազօտութիւններու միացեալ հիմնարկի 60-ամեակին ու հիմնարկին Հայաստանի անդամակցութեան 25-ամեակին:
Հանրապետութեան նախագահը ողջունած է հիւրերը եւ կարեւոր նկատած միջազգային գիտաժողովի կայացումը Երեւանին մէջ` դիտել տալով, որ այդ ծիրին մէջ մէկ յարկի տակ կը համախմբուին Հիւլէական հետազօտութիւններու միացեալ հիմնարկի 17 անդամ պետութիւններէն անուանի գիտնականներ, բարձրաստիճան հիւրեր, հիմնարկի անդամ պետութիւններու դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներ:
Նախագահը նման անուանի գիտնականներու մասնակցութեամբ հանդիպումները եւ հաւաքը կարեւոր նկատած է գիտական հանրութեան ներկայացուցիչներուն եւ յատկապէս երիտասարդ գիտնականներուն համար` գիտութեան մարզին մէջ բարձր նուաճումներու հասած անհատականութիւններուն հետ անմիջական կապ ունենալու առումով: Նախագահին համաձայն, նման նախաձեռնութիւններ ո՛չ միայն գիտական, այլ նաեւ տարբեր մշակոյթներ եւ աւանդութիւններ կրող, տարբեր գիտական դպրոցներ ներկայացնող անձերու միջեւ երկխօսութեան կարելիութիւն է` միտուած համագործակցութեան նոր ուղղութիւններու նախանշման ու ոլորտի արդիական խնդիրներու քննարկման: Հանրապետութեան նախագահը կարեւոր նկատած է միջազգային գիտական ծրագիրներու հայ գիտնականներու աշխուժ մասնակցութիւնը:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդգծած է, որ Հայաստան կարելիութեան սահմաններուն մէջ համակողմանիօրէն կը խթանէ գիտութեան զարգացումը եւ կը խրախուսէ Հայաստանի տնտեսութեան մէջ գիտելիքահենք ճիւղերու զարգացումը:
Վիքթոր Մաթվէեւ իր գլխաւորած պատուիրակութեան կողմէ շնորհակալութիւն յայտնած է գիտաժողովը Հայաստանի մէջ բարձր մակարդակով հիւրընկալելու համար, անդրադարձած հիմնարկի գործունէութեան ու յառաջիկայ ծրագիրներուն: Ան գոհունակութեամբ արձանագրած է, որ Հայաստան հիմնարկին անդամակցելէ ի վեր` անցած 25 տարիներուն բաւական աշխուժ կերպով մասնակցած է հիմնարկի գործունէութեան: