20 Ekim 2016
Համազգայինի Լիբանանի նորակազմ Շրջանային վարչութիւնը անցնող շաբաթներուն ծանօթացման շարք մը հանդիպումներ ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանին, Հայ կաթողիկէ Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեանին եւ հայ աւետարանական համայնքի վերապատուելի դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանին հետ:
Հանդիպումներուն ընթացքին ներկայացուեցան վարչութեանս գործունէութեան դաշտն ու աշխատանքային ծրագիրը, գաղութներու եւ Հայաստանի հետ գործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ լիբանանահայ գաղութը յուզող հարցեր եւ առկայ դժուարութիւններ: Յատուկ կարեւորութեամբ անդրադարձ կատարուեցաւ Պուրճ Համուտի «Լեւոն Շանթ» եւ Անթիլիասի «Ժ. եւ Ց. Խաչատուրեան» կեդրոններուն մէջ գործող Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներուն գործունէութեան:
Հանդիպումներուն աւարտին, բոլորն ալ մեծապէս գնահատեցին Համազգայինի ազգանուէր առաքելութիւնը եւ յայտնեցին իրենց զօրակցութիւնը` յաջողութիւն մաղթելով նորակազմ վարչութեան:
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ