19 Ekim 2016
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է հայկական սփիւռքի խորհրդանշա-կան դէմքերէն մին՝ Շամիրամ Սեւակ։ 102 տարեկան հասակին կեանքէ հեռացած Շամիրամ Սե-ւակ դուստրն էր նահատակ մտաւորական Ռուբէն Սեւակի։ Ֆրանսայի մէջ մահացաւ Շամիրամ Սեւակ, որ քանի մը անգամ այցելած էր նաեւ Հայաստան։ Ան միշտ եղած էր մղիչ ուժ մը՝ իր հօր ժառանգութեան արժեւորման համար։
Այս տխուր առթիւ մեր խորազգած վշտակցութիւնները կը յայտնենք սփիւռքահայ երէց սերունդի մտաւորականներէն Յովհաննէս Չիլինկիրեանին, ինչպէս նաեւ Աւագեան, Սըրմաքէշ եւ Չիլինկի-րեան ընտանիքներուն։