Ոչ Եւս Է Գրագէտ Մովսէս Պչաքճեան - Հայերէն
25 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ցրօն / Ժամ : Կամաւօտ

Հայերէն :

19 Ekim 2016  

Ոչ Եւս Է Գրագէտ Մովսէս Պչաքճեան -

Ոչ Եւս Է Գրագէտ Մովսէս Պչաքճեան Ոչ Եւս Է Գրագէտ Մովսէս Պչաքճեան

Հոկտեմբեր 18-ի առաւօտեան, «Մարմարա» թերթը Լիոնէն տեղեկացած է, որ ոչ եւս է յայտնի ու վաստակաշատ գրագէտ Մովսէս Պչաքճեանը։ Մովսէսի քոյրը՝ Լիոնի Մարգարեան-Փափազեան վարժարանի վաստակաւոր հայերէնի ուսուցչուհի Լուսին Պչաքճեան, հաղորդած է այս տխուր լուրը։ Պչաքճեան մահացած է Հոկտեմբեր 17-ի յետմիջօրէին։

«Բեղմնաւոր հեղինակ մըն էր Մովսէս Պչաքճեանը, որ շարունակ արտադրեց, մինչեւ որ ծանր հիւանդութիւն մը շատ բան կործանեց անոր առողջութեան մէջ։ Երկար պայքարեցաւ խօսիլն ու իր գիտցած լեզուները մոռցնել տուող հիւանդութեան մը դէմ, յաղթահարեց, բայց մնաց դիւրաբեկ առողջութեան մէջ. այնուհանդրեձ չվհատեցաւ, թէեւ չկրցաւ նոր գործ արտադրել, բայց Հայաստանի ու Սփիւռքի միջեւ դարձաւ գրական կամուրջ, ապահովեց որ իր գործերը ամբողջական գործի փառաւոր հատորներով տպուին Հայաստանի մէջ. գործէն, որքան որ գիտենք, հրատարակուեցան հինգ հատորներ», – կը գրէ «Մարմարա»։

Ան պաշտօնավարած էր Փարիզի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ որպէս դիւանապետ, ու կը շարունակէր ապրիլ Փարիզ։

2009-ին, Հայաստանի նախագահին հրամանագիրով, Պչաքճեան պարգեւատրուած է «Մովսէս Խորենացի» շքանշանով, իսկ 2010-ին, Հայ գրողներու միութեան կողմէ՝ «Գրական վաստակի համար» շքանշանով։

Մովսէս Պչաքճեանի հատորներէն են՝ «Անցողիկը Ու Անժամանցելին», «Մինչեւ Վերջինը Արեւներուն», «Աշխարհահայեաց Պատուհան», «Լուսաւոր Աչքերով Օտարականը», «Վարագոյրը Իջնելէ Առաջ», «Խմելով Քաղաքը», «Անկատար Վերծանումներ», «Լուացք Փռուած Տանիքի Վրայ» եւ «Անկարելի Կարելին»։

Մովսէս Պչաքճեան ծնած էր Հալէպ, 1940-ին, բայց 1976-էն ի վեր կ՛ապրէր Փարիզ։





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+