Պաղտատի Մէջ Թրքական Դեսպանատան Առջեւ Բողոքի Ցոյց «Մենք Կը Զգուշացնենք Թուրքիան Հեռու Չերթալ Իրաքի Գերիշխանո - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Թաղանթեալ

Հայերէն :

19 Ekim 2016  

Պաղտատի Մէջ Թրքական Դեսպանատան Առջեւ Բողոքի Ցոյց «Մենք Կը Զգուշացնենք Թուրքիան Հեռու Չերթալ Իրաքի Գերիշխանո -

Պաղտատի Մէջ Թրքական Դեսպանատան Առջեւ Բողոքի Ցոյց «Մենք Կը Զգուշացնենք Թուրքիան Հեռու Չերթալ Իրաքի Գերիշխանո Պաղտատի Մէջ Թրքական Դեսպանատան Առջեւ Բողոքի Ցոյց «Մենք Կը Զգուշացնենք Թուրքիան Հեռու Չերթալ Իրաքի Գերիշխանութիւնը Խախտելու Հարցին Մէջ» Կ՛ըսէ Ապատի

Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատի հանդիպում ունեցած է իր երկրին մէջ օտարերկրեայ առաքելութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ` ի թիւս այլ հարցերու անդրադառնալով նաեւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն:

«Ես լաւատես չեմ Իրաքի հարցին մէջ Թուրքիոյ դիրքորոշումէն եւ յատկապէս իրավիճակի հաւանական լարումէն: Մենք կը նախազգուշացնենք Թուրքիան հեռուն չերթալ Իրաքի գերիշխանութիւնը խախտելու հարցին մէջ», ըսած է Իրաքի վարչապետը:

Ան ընդգծած է, որ Թուրքիան իր ներքին խնդիրները դուրս հանելու համար որդեգրած է Սատտամ Հիւսէյնի քաղաքականութիւնը: «Մենք պաշտօնապէս չենք արտօնած թրքական զօրքերուն ներկայութիւնը Իրաքի տարածքին մէջ: Պահանջած ենք, որ յարգեն Իրաքի գերիշխանութիւնն ու անմիջապէս հեռացնեն զինուորները երկրին հիւսիսէն: Թուրք զինուորներուն մնալը պիտի վնասէ երկու երկիրներու պատմական յարաբերութիւններուն», ըսած է Ապատի:

Անդրադառնալով Էրտողանի կողմէ ուղղուած այն մեղադրանքին, թէ Իրաքի քիւրտերը դատապարտուած են ձուլման, վարչապետը հարցուցած է, թէ արդեօք Թուրքիոյ քիւրտերուն տրուա՞ծ են զինուորական եւ քաղաքական իրաւունքներ:

Իրաքի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ահմետ Ժամալ յայտարարեց. «Թրքական պաշտօնական պատուիրակութիւնը, որ երէկ իր երկրին ուժերուն իրաքեան հողամասերէն հեռացման շուրջ բանակցելու համար եկաւ Պաղտատ, այդ առնչութեամբ գաղափարներ ներկայացուց»:

Ան նշեց, որ թրքական պատուիրակութեան ներկայացուցած այդ առաջարկները «չէին համապատասխաներ Իրաքի պահանջներուն եւ ակնկալութիւններուն: Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը պէտք է յարգանք ցուցաբերէ Իրաքի գերիշխանութեան նկատմամբ եւ իր զինուորները հեռացնէ Պաաշիքայի ճամբարէն»:

Ժամալ շեշտեց, որ Իրաք Մուսուլի ազատագրման գործողութեան մէջ կը վստահի իր ազգային ուժերուն եւ որեւէ օտար ուժի օգնութեան կարիքը չունի:

Իրաքի արտաքին գործոց նախարարութիւնը մէկ օր առաջ յայտարարած էր, որ թրքական պատուիրակութիւնը Պաղտատ կ՛այցելէ թրքական կողմի խնդրանքով:

Միւս կողմէ, լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ հազարաւոր իրաքցիներ Սատըրական շարժումի ղեկավար Մուքթատա Սատըրի հրաւէրով բողոքի ցոյց մը կատարեցին Պաղտատի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան առջեւ` պահանջելով թրքական ուժերու Իրաքէն հեռացումը:

Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ երէկ յայտարարեց, որ թրքական ուժերը մասնակցած են Մուսուլի գործողութեան ծիրին մէջ օդային հարուածներուն: Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ժողովի ընթացքին այս յայտարարութիւնը կատարելէ ետք, Եըլտըրըմ ժողովի վերջաւորութեան սրահը լքելէ առաջ յայտարարած է, որ թրքական օդուժը առայժմ այդպիսի գործողութիւն չէ կատարած:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+