19 Ekim 2016
ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու երէկ յայտարարած է, որ ռուսական եւ սուրիական օդուժերը կը դադրեցնեն Հալէպի մէջ օդային հարուածները:
«Այսօր առաւօտեան ժամը 10:00-էն կը դադրեցուին Ռուսիոյ օդուժի եւ Սուրիոյ օդուժի հարուածները Հալէպի շրջանին մէջ», ըսած է ան` աւելցնելով, որ ատիկա անհրաժեշտ է այսօր «մարդասիրական զինադադար» հաստատելու համար:
«Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը յորդորէ այն երկիրները, որոնք ազդեցութիւն ունին Հալէպի արեւելեան մասին մէջ գործող զինեալ խմբաւորումներուն վրայ, համոզել անոնց ղեկավարները` հեռանալու քաղաքէն», ըսած է Շոյկու:
«Մինչեւ «մարդասիրական զինադադար»-ին սկիզբը, սուրիական զօրքերը պիտի քաշուին այնպիսի հեռաւորութեամբ, որ զինեալներուն արտօնութիւն կու տայ` անարգել հեռանալ Հալէպի արեւելեան շրջանէն յատուկ ստեղծուած երկու միջանցքներու ճամբով` Քասթելօ ճամբայով եւ Սուք Խայ շուկայի շրջանին միջոցով», ըսած է ան: Քաղաքայինները պիտի կարենան քաղաքէն հեռանալ վեց միջանցքներով:
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը երկուշաբթի օր յայտարարեց, թէ հինգշաբթի, 20 հոկտեմբերի առաւօտեան ժամը 8:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 4:00 Հալէպի մէջ մարդասիրական զինադադար եւ Ժապհաթ Նուսրայի զինեալներու քաղաքէն դուրս գալու երկու միջանցքներու բացում, նշելով, որ Սուրիոյ եւ Ռուսիոյ օդուժերը այդ ընթացքին պիտի դադրեցնեն օդային հարուածները:
Նախարարութիւնը նաեւ սուրիական զինեալ ընդդիմութեան կոչ ուղղեց` ականազերծելու մարդասիրական միջանցքները, որպէսզի քաղաքայինները կարենան հեռանալ արեւելեան Հալէպէն: