18 Ekim 2016
Ախալցխայի մէջ օրերս գրանցում ստացաւ եւ բացուեցաւ եւս մէկ հայկական կազմակերպութիւն: Կազմակերպութեան անուանումն է «Վրաստանի ժողովուրդներու ժողովրդավարական միութիւն», հիմնադիրն է` Աշոտ Կաւալերեանը:
Կազմակերպութեան հիմնական նպատակն է աջակցիլ Վրաստան բնակող հայերուն, ինչպէս նաեւ երկրի այլ բնիկ ժողովուրդներուն իրենց իրաւունքներու պաշտպանութեան գործին մէջ, նպաստել անոնց ինքնութեան պահպանման եւ միաժամանակ աջակցիլ անոնց ընդելուզման Վրաստանի պետական եւ հասարակական կեանքին մէջ, կը գրէ akhaltskha.net-ը: