18 Ekim 2016
Թուրքիոյ մէջ Անգարա-Քոնիա արագընթաց գնացքներուն եւ կայարաններուն մէջ զգուշացնող զանգը հանուած է քաղաքացիներու բողոքներէն ետք:
Ըստ News.am-ի՝ թրքական Sözcü պարբերականը կը փոխանցէ, որ Անգարա–Քոնիա արագընթաց գնացքներէն օգտուող քաղաքացիները բողոքած են երկաթուղիի ղեկավարութեան, թէ գնացքներուն ու կայարաններուն մէջ զգուշացնող զանգը նման է եկեղեցւոյ զանգակատան զանգին, զոր իրենց կ՛անհանգստացնէ:
Թուրքիոյ երկաթուղիներու վարչութիւնը հանած է զգուշացնող զանգը եւ ձգած է միայն գրաւոր զգուշացնող յայտարարութիւնը: