Սուրիահայերու Իրաւունքներու Պաշտպանութեան Հարցով Դիմուած Է Միջազգային Մարմիններուն - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Արփող

Հայերէն :

18 Ekim 2016  

Սուրիահայերու Իրաւունքներու Պաշտպանութեան Հարցով Դիմուած Է Միջազգային Մարմիններուն -

Սուրիահայերու Իրաւունքներու Պաշտպանութեան Հարցով Դիմուած Է Միջազգային Մարմիններուն Սուրիահայերու Իրաւունքներու Պաշտպանութեան Հարցով Դիմուած Է Միջազգային Մարմիններուն

Հայաստանի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան Սուրիոյ մէջ բնակող հայերու անվտանգութեան երաշխաւորման եւ վերջիններուս աջակցութիւն տրամադրելու հարցով դիմած է ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու գերագոյն յանձնակատարին, Եւրոպական խորհուրդի մարդու իրաւունքներու գերագոյն յանձնակատարին, Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչին, Եւրոպական մարդու իրաւունքի պաշտպաններու հիմնարկին, Միջազգային մարդու իրաւունքի պաշտպաններու հիմնարկին, Կարմիր խաչի միջազգային կազմակերպութեան ղեկավարներուն:

Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմին համաձայն, միջազգային կառոյցներուն ուղղուած նամակներուն մէջ Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանը իր մտահոգութիւնը յայտնած է մասնաւորապէս վերջին ամիսներուն տեղի ունեցած ռմբակոծումներուն պատճառով հայերու մահուան եւ վնասներ կրելու դէպքերուն առնչութեամբ` խնդրելով այդ մարմիններուն իրաւասութեան սահմաններուն մէջ գործօն աջակցութիւն ցուցաբերել:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+