18 Ekim 2016
Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի որոշումով կատարուած են նոր նշանակումներ: Արթուր Յովհաննիսեան նշանակուած է Հայաստանի արդարադատութեան նախարարի առաջին տեղակալ, Ատոմ Ջանջուղազեան ազատ կացուցուած է Հայաստանի ելեւմուտքի նախարարի տեղակալ-գլխաւոր գանձապետի պաշտօնէն եւ նշանակուած Հայաստանի ելեւմուտքի նախարարի առաջին տեղակալ:
Զարմինէ Զէյթունցեան նշանակուած է Հայաստանի տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէի նախագահի ժամանակաւոր պաշտօնակատար: