17 Ekim 2016
Ռիկա կատարած պաշտօնական այցի ծիրէն ներս Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան Ռիկայի քաղաքապետ Նիլ Ուշաքովի եւ տեղի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ ներկայ գտնուած է «Երեւան» անունը կրող այգիի հանդիսաւոր բացման արարողութեան:
Ռիկայի քաղաքապետ Նիլ Ուշաքով շնորհակալութիւն յայտնելով Երեւանի քաղաքապետին ու Ռիկայի հայ համայնքին` այգիի կառուցումը իրականութիւն դարձնելու համար, յայտնած է, որ անիկա պիտի դառնայ քաղաքի սիրուած հանգստի գօտիներէն մէկը:
«Ռիկայի մէջ բացուած «Երեւան» անունը կրող այգին իսկապէս մեծ նուէր է հանգիստի գօտիի հարեւանութեամբ ապրող տարբեր տարիքի բնակիչներուն համար: Անիկա նաեւ լաւագոյն խորհրդանիշներէն մէկն է երկու քաղաքի միջեւ ձեւաւորուած ամուր բարեկամութեան ու յաջողած համագործակցութեան»,- նշած է Ուշաքով:
Մարգարեան նախ շնորհակալութիւն յայտնած է նախաձեռնութեան հեղինակներուն` նկատելով, որ ատիկա եւս մէկ վկայութիւնն է երկու քաղաքի միջեւ օրէ օր զարգացող բարեկամական ու գործընկերային յարաբերութիւններուն:
«Երեւանի եւ Ռիկայի միջեւ համագործակցութիւնը տարիների պատմութիւն ունի: Մեր երկու երկրների միջեւ բարեկամական եւ գործընկերային յարաբերութիւններն օր օրի զարգանում են, որի համատեքստում ամրապնդւում են մեր երկու քոյր քաղաքների կապերը: Ուրախալի է, որ այն իրականացւում է կոնկրէտ ծրագրերի միջոցով: Վստահ եմ, որ այս գեղեցիկ այգին, որը նախագծուած է հայկական եւ երեւանեան տարրերով, կը դառնայ ինչպէս Ռիկայի բնակիչների, այնպէս էլ մեր քոյր քաղաքի հիւրերի սիրուած վայրերից մէկը»,- ընդգծած է Մարգարեան:
Այգիի հանդիսաւոր բացման արարողութեան ծիրէն ներս երկու քաղաքապետները Երեւանի եւ Ռիկայի միջեւ բարեկամական կապերու ամրապնդման գործին մէջ ունեցած մեծ աւանդի, ինչպէս նաեւ «Երեւան» անունը կրող այգիի նախագիծը կեանքի կոչելու համար շնորհակալագիրներով պարգեւատրած են կարգ մը անձեր:
Երեւանի եւ Ռիկայի քաղաքապետները, ի նշան երկու ժողովուրդներուն ու երկու քաղաքներուն բարեկամութեան, նաեւ կաղնի տնկած են հանգիստի գօտիին մէջ, որ լատիշ ժողովուրդի ազգային խորհրդանիշներէն մէկը կը համարուի:
Երեւանի քաղաքապետին գլխաւորած պատուիրակութիւնը Լաթվիայի մայրաքաղաք պաշտօնական այցի ծիրէն ներս այցելած է նաեւ Ռիկայի Հայ առաքելական Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի