Թուրքիոյ Աջակցութիւնը Վայելող Զինեալները Գրաւած Են Սուրիոյ Տապեք Գիւղը - Հայերէն
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Շառաւիղեալ

Հայերէն :

17 Ekim 2016  

Թուրքիոյ Աջակցութիւնը Վայելող Զինեալները Գրաւած Են Սուրիոյ Տապեք Գիւղը -

Թուրքիոյ Աջակցութիւնը Վայելող Զինեալները Գրաւած Են Սուրիոյ Տապեք Գիւղը Թուրքիոյ Աջակցութիւնը Վայելող Զինեալները Գրաւած Են Սուրիոյ Տապեք Գիւղը

«Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, որ թրքամէտ զինեալներ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն հետ բախումներէ ետք գրաւած են սուրիական Տապեք գիւղը:

Նախապէս «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդած էր, որ Թուրքիոյ աջակցութիւնը վայելող զինեալները, թրքական հրետանիին եւ օդուժին օժանդակութեամբ գրաւած են հիւսիսային Սուրիոյ մէջ Արշաֆ, Ազիզիյէ, Ղայլանիյէ, Մազարեհ Քուէյթի գիւղերը եւ կը մօտենան Հալէպի հիւսիսային գիւղական շրջանին մէջ գտնուող Տապեք գիւղին:

Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը իր կարգին հաղորդեց, որ ՏԱՀԵՇ առանց որեւէ դիմադրութիւն ցոյց տալու նահանջած է դէպի Պապ քաղաքի գիւղական շրջանը, եւ թրքամէտ զինեալները գրաւած են նաեւ Տապեքի մօտ գտնուող Սուրան գիւղը:

«Մայատին» աւելի ուշ հաղորդեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները ամբողջովին հեռացած են Հալէպի հիւսիսային գիւղական շրջանէն:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+