17 Ekim 2016
Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատի յայտարարեց, որ թրքական ուժերուն պիտի չարտօնէ մասնակցիլ Մուսուլը ՏԱՀԵՇ-էն ազատագրելու գործողութիւններուն:
Ան թրքական կողմին ասպարէզ կարդաց ներկայացնելու որեւէ փաստաթուղթ, որ ցոյց կու տայ, թէ Իրաք Թուրքիայէն պահանջած է իրաքեան հողամասեր ուժեր ուղարկել:
Ապատի ըսաւ, որ ոչ ոք կրնայ իր կամքը պարտադրել իրաքցիներուն` շեշտելով, որ ներկայ փուլը «իրաքեան բոլոր ուժերը միաւորելու» փուլն է, «եւ հողը ազատագրելու ազգային միացեալ կեցուածք գոյութիւն ունի»: Ան աւելցուց, որ գետնի վրայ միայն իրաքեան ուժերն են, որոնք կը կռուին:
Իրաքի վարչապետը շեշտեց, որ իր երկիրը ՏԱՀԵՇ-ի գոյութեան վերջին էջը կը փակէ` նշելով, որ գոյութիւն ունի Քերքուքի Հուէյժա շրջանը ՏԱՀԵՇ-էն ազատագրելու ամբողջական ծրագիր մը:
Աւելի ուշ, իրաքեան բանակը Մուսուլի վրայ թռուցիկներ նետեց` յայտնելով, որ իրաքեան բանակը քաղաքի ազատագրման գործողութեան ընթացքին քաղաքայինները թիրախ պիտի չդարձնէ:
Իրաքեան կառավարութիւնն ու բանակի պատասխանատուներ նշեցին, որ Մուսուլի ազատագրման գործողութիւնը կրնայ սկսիլ այս ամիս: