Դարձեալ Հալէպի Մասին - Հայերէն
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Արփող

Հայերէն :

16 Ekim 2016  

Դարձեալ Հալէպի Մասին -

Դարձեալ Հալէպի Մասին Դարձեալ Հալէպի Մասին

Շատ բնական է, որ իւրաքանչիւր հայ, ուր որ ապրի, վերջին երկու շաբաթներուն ընթացքին զգացական վերիվայրումներ ապրեցաւ Հալէպի հարցով, որովհետեւ քանի մը օրերու ընթացքին, հոն տուինք աւելի քան տասնեակ մը անմեղ զոհեր ու վիրաւորներ:

Սուրիահայ գաղութի երկու պատասխանատու դէմքեր, անցնող Դեկտեմբերին, Լոս Անճելըս իրենց այցելութեան ընթացքին զեկուցեցին, թէ Սուրիոյ դէմ մղուած պատերազմին ընթացքին, ցարդ (այսինքն մինչեւ անցնող Դեկտեմբեր), սուրիահայութիւնը տուած է 120ի չափ զոհեր: Սակայն տրուած ըլլալով, որ վերջին երկու շաբաթներու ընթացքին մեր տուած զոհերու թիւը համեմատաբար մեծ էր՝ այդքան կարճ ժամանակամիջոցի ընթացքին (քանի մը օրերու մէջ), ընկերային ցանցերու վրայ եւ մամուլին մէջ սկսան երեւելու ընդվզումի արտայայտութիւններ (շատ հասկնալիօրէն), որոնք, բաղդատած Սուրիոյ խնդիրի ծայրայեղ բարդութեան, կարելի է ըսել՝ պարզունակ էին:

Սուրիոյ խնդիրը ծայրայեղօրէն բարդ է, բազմաթիւ պատճառներով: Նախ՝ ինչ որ տեղի կ՛ունենայ, քաղաքացիական պատերազմ չէ «ըմբոստներու» եւ «վարչակարգին» միջեւ (ինչպէս կը ներկայացուի Արեւմուտքին կողմէ): Սուրիոյ դէմ Արեւմուտքը ու իր շրջանային զինակիցները չյայտարարուած պատերազմ մը կը մղեն: Արեւմուտք ըսելով կը հասկնանք Միացեալ Նահանգներ, Եւրոպական Միութիւն (այս պարագային գլխաւորաբար Ֆր-անսա եւ Անգլիա. Գերմանիա՝ նուազ չափով): Իսկ շրջանային զինակիցներն են առաջին հերթին Թուրքիա, Սէուտական Արաբիա, Քաթար: Իսկ այս բոլորին հաշուոյն կռուողներն են ծայրայեղ իսլամական կազմակերպութիւններ, որոնք օր ու գիշեր անուն ու պիտակ ալ կը փոխեն…:

Այս ճակատին դիմադրողներն են, առաջին հերթին Սուրիոյ կառավարութիւնը, իրեն դաշնակից ունենալով Ռուսիան, Իրանը եւ լիբանանեան Հըզպալլա կազմակերպութիւնը:

Մէկ խօսքով, այս խաղադաշտին վրայ թէ՛ դերակատարներուն թիւը մեծ է եւ թէ այլազան են իւրաքանչիւրին (անխտիր) հետապնդած նպատակները: Ասկէ՝ խնդիրի ծայրայեղ բարդութիւնը, որ այսօր ստացած է համաշխարհային տարողութիւն ու վտանգ:

Չենք խօսիր բոլոր մասնակիցներու դիտաւորութիւններուն մասին, սակայն անհրաժեշտ է անդրադառնալ Թուրքիոյ պարագային:

Ի շարս բազմաթիւ հաշուարկներու, Թուրքիոյ համար ազդակ է սուրիահայութիւնը, որ այս պարագային ուղղակի թիրախ է իրեն համար: Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին անմիջապէս նախորդող ու յաջորդող ժամանակաշրջանին, Սուրիոյ ու յատկապէս Հալէպի մէջ հայկական հաստատութիւնները ենթարկուեցան ուղղակի յարձակումներու (ներառեալ Տէր Զօրի Նահատակաց յուշահամալիրին ականահարումը եւ Քեսապի տեղահանութիւնը): Այս բոլորը թրքական հակազդեցութիւնն էին համահայկական պահանջատիրական կեցուածքին:

Այս յօդուածագիրին համոզումով, վերջին շաբաթներուն հայկական թաղամասերու ռմբակոծումը եւ անմեղ զոհերը դարձեալ հետեւանք էին թրքական որոշումի՝ իբրեւ հակազդեցութիւն 21 Սեպտեմբերին Երեւանի մէջ հայկական զինուժի ցուցադրութեան: Այսինքն, Թուրքիա-Ատրպէյճան զինակցութիւնը փորձեց այս ձեւով «հաւասարակշռել» հայկական բարոյական կորովը, որ անխուսափելիօրէն բարձրացած էր Երեւանի մէջ կայացած ուժի ցուցադրութեամբ: Թրքական կողմը դարձեալ փորձեց ջլատել հայկական ինքնավստահութիւնը, միաժամանակ յուսալով խուճապ սերմանել:

Աւելի յստակ՝ Թուրքիա-Ատրպէյճան առանցքը, շատ հասկնալիօրէն, չի կրնար ռմբակոծել Երեւանը կամ Ստեփանակերտը: Բայց կրնայ ռմբակոծել Հալէպի հայաշատ թաղամասերը եւ հոն գտնուող հայկական հաստատութիւնները՝ անմեղ զոհեր պատճառելով, լաւ գիտնալով, որ հալէպահայութեան վիճակը մտահոգութիւն է ամբողջ հայութեան համար:

Կրնանք վստահօրէն ըսել, թէ թրքական կողմը լաւապէս կը սերտէ իւրաքանչիւր հարուածէ ետք հայկական ճամբարէն ներս ստեղծուած մթնոլորտը: Կազմակերպուած պետութեան մը համար դժուար չէ մօտէն հետեւիլ հակառակորդին (այս պարագային՝ հայութեան) մամուլին եւ ընկերային ցանցերուն ու համապատասխան եզրակացութիւններու յանգիլ: Որեւէ խուճապային մթնոլորտ, որ կը ստեղծուի, Թուրքիոյ կողմէ շահագործելի ազդակ է մեր դէմ:

Հետեւաբար, երբ մամուլին կամ ընկերային ցանցերու վրայ կ՛արտայայտուին կարծիքներ, որոնց կը պակսի քաղաքական լրջութիւն ու խորք, երբ աջ ու ձախ իրականութեան չհամապատասխանող մեղադրանքներ կը նետուին, թէ ինչո՞ւ հալէպահայութեան «կը պարտադրեն մնալ», եւ կամ՝ մեղադրանքներ կ՛ուղղուին Արամ Ա. կաթողիկոսի գահակալութեան քսանամեակին առիթով, թէ «հիմա, Հալէպի այս կացութեան մէջ, ատե՞նն է նման այցելութիւններու». այս բոլորը չեն նպաստեր հայկական ներքին ճակատի ամրապնդումին ու կը ստեղծեն ամբոխային հոգեբանութիւն:

Իրականութիւնը այն է, որ սուրիահայութիւնը անգլուխ ու անտէր չէ: Ունի ղեկավարութիւն, մարմիններ, որոնք կը փորձեն տիրութիւն ընել ժողովուրդին, հասնելով անոր ամէն տեսակի կարիքներուն: Եթէ Հալէպէն մեկնիլ ուզող կայ, ոչ ոք ըսած է մի երթար. նոյնիսկ թելադրանք եղած է, որ երթալու պարագային՝ պէտք է Հայաստան մեկնիլ. իսկ եթէ ընտանիք մը պայմաններու բերումով որոշած է Արեւմուտք մեկնիլ, թելադրանքը այն է, որ գէթ երթայ հայաշատ ու հայկական կազմակերպուած համայնք ունեցող երկիր մը, ու ոչ թէ, ըսենք՝ Չեխիա կամ Սպանիա:

Անցնող Ապրիլի պատերազմի օրերուն, Երեւանի մէջ խուճապ չտեսանք: Ընդհակառակը, տեսանք վճռականութեամբ լեցուած ժողովուրդ, ներկայ եղանք… համերգի (ու այդ ալ ի՜նչ սքանչելի որակի): Հիմա ըսել, թէ «ճակատին հայ զինուորներ կը զոհուին, մենք հոս համե՞րգ կ՛ընենք», առնուազն մանկամտութիւն է, որովհետեւ մշակոյթը, արուեստը մաս կը կազմէ երկրի մը ուժի համակարգին: Սխալը պիտի ըլլար ա՛յն, եթէ ապրիլեան պատերազմի օրերուն ջնջուէին նախատեսուած համերգները կամ ցուցահանդէսները:

Կրնայ ճիշդ ըլլալ այն մօտեցումը, որ Հալէպի մէջ կացութեան վատթարացման լոյսին տակ, եկէք վերատեսութեան ենթարկենք, վերստին հաշուարկենք մեր կարելիութիւնները եւ թիրախները, թէ հալէպաբնակ հայութեան համար ի՞նչ ընենք եւ ինչպէ՞ս ընենք: Եթէ կոչեր լսուին, թէ պէտք է վերատեսութեան ենթարկենք Հալէպի կապակցութեամբ մեր քաղաքականութիւնը, ա՛յդ եւս քննելի ու հասկնալի է, միաժամանակ‘ թերեւս ալ տրամաբանական: Եթէ ըսուի, թէ Հայաստանի կառավարութիւնը աւելի ազդու քայլեր պէտք է առնէ Երեւան հասնիլ ուզողներուն ձգտումը դիւրացնելու նկատմամբ, կամ արդէն իսկ հոն տեղաւորուածներուն գործնական խնդիրները լուծելու ուղղութեամբ, ա՛յդ եւս տրամաբանական կը նկատենք ու տեղին: Թերեւս ալ նոյնիսկ պէտք է հիմնաւորելով քննադատել ցարդ մշակուած քաղաքականութիւնը. նման քննադատութիւն միշտ ալ օգտակար է:

Վնասակարը անհիմն ու իրականութեան չհամապատասխանող մեղադրանքներն են, որոնցմէ պէտք է խուսափիլ, որպէսզի ակամայ չդիւրացնենք թշնամիին գործը:

13 Հոկտեմբեր 2016
Լոս Անճելըս

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆVATCHE-PROUDIAN





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+