16 Ekim 2016
«ՌԻԱ Նովոսթի»` վկայակոչելով Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը, կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ստորագրած է Սուրիոյ մէջ Ռուսիոյ օդուժի խումբ մը օդանաւերու տեղակայման մասին Մոսկուայի եւ Դամասկոսի միջեւ համաձայնագիրի վաւերացման մասին օրէնքը:
«Դաշնակցային օրէնքով կը վաւերացուի Ռուսիոյ զինեալ ուժերու օդանաւերու խումբի տեղակայման մասին Ռուսիոյ եւ Սուրիոյ արաբական հանրապետութեան միջեւ 26 օգոստոս 2015-ին Դամասկոսի մէջ ստորագրուած համաձայնագիրը», նշուած է Քրեմլինի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
Քրեմլինի մէջ նշած են, որ փաստաթուղթը կը կարգաւորէ ռուս զինուորներու Սուրիա գտնուելու պայմանները: Համաձայնագիրին մէջ մասնաւորաբար կ՛ըսուի, որ օդանաւերու խումբը Սուրիա տեղակայուած է Դամասկոսի խնդրանքով եւ կը գտնուի Լաթաքիոյ Հմէյմիմ օդուժի ռազմակայանին մէջ, որ իր ենթակառոյցներով եւ անհրաժեշտ տարածքով կը տրամադրուի Ռուսիոյ: