16 Ekim 2016
ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտարարած է, որ Ռուսիան հաւանաբար սերտէ Թուրքիոյ հակահրթիռային պաշտպանութեան համակարգեր մատակարարելու կարելիութիւնը:
Ան նշած է, որ սպառազինական համագործակցութիւնը քննարկուած է նախագահներու` 10 հոկտեմբերին տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին: