16 Ekim 2016
Ռուս-թուրք մերձեցման ներկայ գործընթացի շրջանակներուն մէջ բոլորովին անակնկալ պէտք չէ ընկալել պաշտօնական Մոսկուայի անունով խօսող Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարին այն յայտարարութիւնը, ըստ որուն Թուրքիան կրնայ դրական դեր խաղալ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ապաարգելափակման հարցին մէջ: Բառացի, «այն, որ Թուրքիան կրնայ խաղալ դրական դեր, ապահովելով Լեռնային Ղարաբաղի ապաարգելափակումը, ապահովելով բնական տնտեսական փոխյարաբերութիւններ տարածաշրջանին մէջ, ատիկա նոյնպիսի կարեւոր գործօն է, որ մենք միշտ հաշուի կ՛առնենք»:
Լաւրովի համաձայն, եթէ Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու Թուրքիան վերադառնան իրենց պայմանաւորուածութիւններու կատարման` առանց ղարաբաղեան հարցին հետ կապի, ապա իրենք միայն ուրախ կ՛ըլլան:
«Կը կարծենք, որ արցախեան կարգաւորման հարցին մէջ յառաջընթացը առանցքային կ՛ըլլայ, որպէսզի հայ-թրքական յարաբերութիւնները կարգաւորուին: Տեսնենք, թէ ինչպէս կ՛ընթանայ գործը», ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը: Լաւրովի խօսքով` Թուրքիան կրնայ դրական դեր խաղալ «ամբողջ տարածաշրջանին մէջ բնական տնտեսական համագործակցութեան ապահովման հարցով»:
Բոլորովին անակնկալ չէր ասիկա ոչ միայն այն առումով, որ ռուս-թրքական մերձեցման միտումները կրնային նման մօտեցումներու յանգեցնել, այլ այն պատճառով, որ անիկա ունէր իր նախադէպը, ի հարկ է ոչ այսքան շեշտակի, այնուամենայնիւ նոյնինքն արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերի բերնով յայտարարուած, ապա կիսահերքուած տեսքով: Եւ եթէ մտաբերենք նաեւ նշանաւոր «Իզվեսթիա»-ի մեկնաբանական լրատուութիւնը, ըստ որուն Ռուսիան պատրաստ է աշխատելու, որպէսզի Հայաստանի Հանրապետութիւնը ապաշրջափակուի երկկողմանիօրէն, ապա համայնապատկերի կարեւոր բաղադրիչներուն տեսանելիութիւնը կը դիւրանայ:
Արցախեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ Թուրքիոյ միջնորդական կողմ դառնալը որքան անընդհատ կ՛արծարծուէր պաշտօնական Անգարայի վարիչներուն կողմէ, այնքան անուղղակիօրէն կը մերժուէր միջնորդական առաքելութիւն իրականացնողներուն կողմէ: Գումարած` պաշտօնական Թեհրանը, որ Թուրքիայէն հնչած հերթական նման յայտարարութեան դիմաց կը յայտնէր իր պատրաստակամութիւնը միջնորդական դեր ստանձնելու:
Հիմա կ՛ունենանք այն, որ համանախագահող երկիրներէն մէկը եւ այս պարագային ոչ պարագայական մէկը, զուտ յայտարարողական առումով կը համաձայնի, որ երեք համանախագահող երկիրներէն բացի, այլ դարձեալ ոչ պարագայական այլ երկիր մը կարելիութիւնը ունի դրական դեր ստանձնելու արցախեան հակամարտութեան լուծման գործընթացին մէջ: Աւելի՛ն. ան կը տեսնէ Անգարայի դրական դերակատարութիւնը ամբողջ տարածաշրջանին մէջ, բնական տնտեսական համագործակցութեան ուղղութեամբ:
Այստեղ վտանգաւոր բաժինը ամէնէն շատ կը կեդրոնանայ հետեւեալին վրայ: Եթէ Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու Թուրքիան վերադառնան իրենց պայմանաւորուածութիւններուն կատարման… Պարզ է ակնարկը. խօսքը կը վերաբերի արձանագրութիւններուն, որոնք երկկողմանիօրէն հանուած են խորհրդարաններու օրակարգէն: Թէեւ Լաւրովը նոյն նախադասութեան մէջ կ՛աւելցնէ, առանց Ղարաբաղի հետ կապի, ինչ որ կ՛ենթադրէ առանց նախապայմանի:
Պաշտօնական Երեւանի հակազդեցութիւնը չուշացաւ: Պաշտօնական Երեւանը նախկինին նման կը կարծէ, որ Թուրքիան պէտք է ըստ կարելւոյն հեռու պահել ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորումէն: Ասիկա արագ հակազդեցութիւնն է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբերին:
Անգարայի մօտեցումը այս հարցին մէջ պարզ է. հայկական կողմէն պահանջուած զիջումներու իրականացման դիմաց, Անգարան կը վաւերացնէ արձանագրութիւնները. ըստ պայմանաւորուածութեան, հայկական կողմը կ՛երթայ արձանագրութիւններու վաւերացման, որ կը յանգեցնէ սահմանի բացման: Այստեղ նրբութիւնը հետեւեալ կէտին վրայ է. Լաւրովի պատկերացումով Երեւանն ու Անգարան իրենց պայմանաւորուածութիւնները պէտք է կատարեն հարցերը առանց Արցախին կապելու. ինչ որ ամբողջ ոլորապտոյտը դարձ ի շրջանս իւր կ՛առաջնորդէ. որովհետեւ պարզապէս Անգարան իր նախապայմանային քաղաքականութենէն հրաժարելու որեւէ նախադրեալ ցոյց չի տար:
Առաջին հայեացքով Լաւրովը կ՛որդեգրէ Անգարայի գծած ճանապարհային քարտէսը` ընդգծելով, որ ասիկա կը յանգեցնէ Հայաստանի Հանրապետութեան երկկողմանիօրէն ապաշրջափակման եւ տարածաշրջանին մէջ տնտեսական համագործակցութեան բնականոնացման:
Առաջադրուածը սթաթիւս քոյի կտրուկ փոփոխութիւն է. տարակուսելի է, թէ Մոսկուան կո՞ղմ է սթաթիւս քոյի փոփոխութեան, թէ՞ Անգարայի հետ մերձեցման խաղերու շրջանակներուն մէջ անգամ մը եւս կը շահարկէ արցախեան եւ հայ-թուրք յարաբերութիւններու խնդիրը: Առանց նախապայմանի յիշեցումը ռուս արտաքին գործոց նախարարին կողմէ այս տեսութիւնը կ՛ընդգծէ