14 Ekim 2016
«Սքայ Նիուզ» հաղորդեց, որ Իրաքի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Պաղտատի մէջ Թուրքիոյ դեսպանին յանձնած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի` Իրաքի վարչապետին հասցէին կատարած յայտարարութիւններուն դէմ բողոքագիր մը:
Ըստ թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին, բողոքագիրը «խիստ ոճով գրուած է»:
Էրտողան Պոլսոյ մէջ Եւրասիոյ իսլամական խորհուրդի վեհաժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ խօսքը Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատիին ուղղելով ըսած էր. «Սահմանդ գիտցի՛ր»` աւելցնելով. «Քեզի կ՛ըսեմ. որ դուն մրցակիցս չես, մակարդակիս չես եւ Իրաքի մէջ գոռալդ մեզի համար բացարձակապէս կարեւոր չէ»:
«Թրքական բանակը իր արժէքը չկորսնցուց, որպէսզի իր ցուցմունքը ստանայ Իրաքի կառավարութեան վարչապետէն: Պիտի շարունակենք Պաաշիքայի մէջ մեր գործողութիւնները», ըսած էր ան:
Թրքական «Տեմոքրաթհապեր» կայքը իր կարգին հաղորդեց, որ Իրաքի մէջ շիիներու «Մեհտիի բանակ» կազմակերպութեան ղեկավար Մուքթատա Սատըր Իրաքի տարածքին մէջ գտնուող թրքական ուժերը յորդորած է իրենց պատիւով հեռանալ այդտեղէն:
«Խորհուրդ կու տամ Էրտողանին Իրաքի իսլամները պաշտպանելու փոխարէն նախ եւ առաջ իր երկրին իսլամներուն հետ արդար կերպով վարուելու: Մուսուլի իսլամները անհրաժեշտութեան պարագային կառավարութեան հետ համակարգելով մենք կրնանք պաշտպանել», նշած է ան:
Ան ընդգծած է, որ Իրաքի մէջ թրքական ուժերու ներկայութիւնը անյարմար եւ տհաճ իրավիճակ ստեղծած է: «Նախքան այստեղէն վռնտուիլը պատիւով հեռացէ՛ք մեր հողերէն: Բոլոր իրաքցիները համակարծիք են ձեզ վռնտելու հարցին մէջ: Նոյնիսկ եթէ միջազգային համաձայնագիրներ ըլլան Իրաք մտնելու վերաբերեալ, ատիկա մեզ չի հետաքրքրեր: Քեզ (Էրտողանին, «Ա.») խորհուրդ կու տամ քու երկիրդ համապատասխան դարձուր ժողովրդավարութեան եւ ազատութեան չափանիշներուն: Ատկէ ետք միայն ինչ կ՛ուզես, ըսէ՛», ըսած է Մուքթատա Սատր:
Իրաքի վարչապետին գրասենեակը մէկ օր առաջ յայտնած էր, որ Պաղտատ որեւէ երկրէ չէ խնդրած զինուորական ուժեր ուղարկել Իրաք` նշելով, որ թրքական ուժերը մաս չեն կազմեր Իրաքի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի Միջազգային դաշինքին:
Գրասենեակը նաեւ հերքեց, թէ թրքական ուժերու Իրաք մտնելու հարցը քննարկուած է 2014-ի վերջաւորութեան Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախկին նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի եւ վարչապետ Ապատիի միջեւ հանդիպումին ընթացքին` աւելցնելով, որ իրենց ուժերուն Իրաք ներկայութեան վերաբերեալ թրքական իշխանութիւններուն պնդումները չեն համապատասխաներ իրականութեան: