14 Ekim 2016
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փուտին ժամանեց Հայաստան: «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ ան դիմաւորուեցաւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ:
Հոկտեմբեր 14-ին Երեւանի մէջ տեղի կ՛ունենայ ՀԱՊԿ հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նստաշրջանը, որ կը վարէ Կազմակերպութեան Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի 2015-2016-ի նստաշրջաններու համար նախագահութիւնը ստանձնած Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան:
Նստաշրջանին պիտի քննարկուին ՀԱՊԿ նախորդ տարուայ գագաթնաժողովներու որոշումներու իրականացման ընթացքը, ինչպէս նաեւ Կազմակերպութեան մէջ նախագահութեան ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ առաջադրուած առաջնահերթութիւնները:
Նիստի օրակարգին մէջ ընդգրկուած երկու տասնեակ հարցեր․ պիտի քննարկուին միջազգային իրավիճակը եւ հաւաքական անվտանգութեան ապահովման արդիական հարցեր, պիտի դիտարկուին մինչեւ 2025 թուականը ՀԱՊԿ հաւաքական անվտանգութեան ռազմավարութեան եւ ՀԱՊԿ ճգնաժամային արձագանգման կեդրոնի ստեղծման վերաբերեալ որոշումներու նախագիծերը, ՀԱՊԿ գործունէութեան կատարելագործման, ինչպէս նաեւ միջազգային ահաբեկչութեան հակազդեցութեան վերաբերեալ որոշումներու իրականացում:
Կը նախատեսուի շարք մը քաղաքական յայտարարութիւններու ընդունում: Նիստին մէջ ՀԱՊԿ անդամ պետութիւններու ղեկավարները որոշում պիտի կայացնեն Կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղարի վերաբերեալ: