14 Ekim 2016
ԱՄՆ Քոլումպիոյ համալսարանին մէջ կայացած է «Փուլիցըր»-ի 100-րդ մրցանակաբաշխութիւնը, որուն ծիրէն ներս համալսարանի նախագահ Լի Պոլինճըր մրցանակներ շնորհած է տարբեր անուանակարգերու մէջ յաղթողներուն:
Կը նշուի, որ յաղթողներուն անունները հրապարակուած էին դեռ Ապրիլին, սակայն յանձնման հանդիսաւոր արարողութիւնը կայացած է հիմա:
Ինչպէս կը նշուի pulitzer.org կայքին մէջ, ամերիկահայ գրող Փիթըր Պալաքեան մրցանակի արժանացած է բանաստեղծութեան անուանակարգին մէջ` «Օզոնի հանդէս» (Ozone Journal) բանաստեղծութիւններու շարքին համար, ուր հեղինակը կ՛անդրադառնայ Հայոց ցեղասպանութեան թեմային:
«Փուլիցըր» մրցանակը (Pulitzer Prize) սահմանուած է 1903-ի Օգոստոսին: Անիկա կը համարուի ԱՄՆ-ի ամենահեղինակաւոր մրցանակներէն մէկը` գրականութեան, լրագրութեան, երաժշտութեան եւ թատրոնի բնագաւառներուն մէջ: