12 Ekim 2016
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Հոկտեմբեր 14-ին պիտի այցելէ Հայաստան` ՀԱՊԿ նստաշրջանին մասնակցելու համար: Նիստի յատուկ ուշադրութիւն պիտի դարձուի ահաբեկչութեան հակազդեցութեան միջոցներուն: Այս մասին կը յայտնէ Քրեմլի մամուլի ծառայութիւնը:
Կը ծրագրուի քննարկել իրավիճակը ՀԱՊԿ պատասխանատուութեան գօտիին մէջ, ինչպէս նաեւ կազմակերպութեան հաւաքական անվտանգութեան համակարգերու կատարելագործման հարցերը: Յատուկ ուշադրութիւն պիտի դարձուի միջազգային ահաբեկչութեան հակազդեցութեան միջոցներուն:
Երեւանի մէջ կայանալիք նստաշրջանին ՀԱՊԿ նախագահութիւնը Հայաստանէն պիտի անցնի Պելառուսիոյ: