12 Ekim 2016
7-8 հոկտեմբերին Պոլսոյ մէջ կայացաւ «Հայկական ինքնութեան քննական մօտեցումներ 21-րդ դարուն` խոցելիութիւն, առաձգականութիւն եւ փոխակերպութիւն» խորագրեալ գիտաժողովը, որուն կազմակերպիչներն էին «Հրանդ Տինք» հիմնարկն ու «Համազգային»-ը` հովանաւորութեամբ Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան ու Պոլսոյ մէջ Շուէտի գլխաւոր հիւպատոսութեան: Գիտաժողովը կայացաւ «Հրանդ Տինք» հիմնարկի «Անարատ յղութիւն» շէնքին «Հաւաք» սրահին մէջ:
«Հրանդ Տինք» հիմնարկը ամէնամեայ գիտաժողովներով կը ջանայ արծարծել հարցեր, որոնց քննարկումը անցեալի լուսաբանման ու յատկապէս ներկան վերլուծելու առումով կ՛ունենայ խիստ կարեւոր նշանակութիւն: Այդպէս էր, օրինակ, 2013-ին կազմակերպուած իսլամաց(ու)ած հայերու խորհրդաժողովը, 2012-ին Մարտինին ու 2011-ին Տիգրանակերտին նուիրուած գիտաժողովները եւ այլն: Այդպէս եղաւ նաեւ այս վերջինը, ուր օրակարգի բերուած նիւթերը, ինչպէս կը յուշէ ձեռնարկին խորագիրը, կարեւոր էին, հետաքրքրական ու արդիական:
Միջազգային այս գիտաժողովին մասնակցեցան Թուրքիայէն, Լիբանանէն, Հայաստանէն եւ աշխարհի տարբեր վայրերէ ժամանած հայ, թուրք եւ օտար մասնագէտներ, հանրային գործիչներ, որոնց կարգին նշելի են Միացեալ Նահանգներէն Խաչիկ Թէօլէօլեանի, Ռուբինա Փիրումեանի, Լոնտոնէն Հրաչ Չիլինկիրեանի, Լիզպոնէն Ռազմիկ Փանոսեանի, Պէյրութէն Մկրտիչ Մկրտիչեանի, Վաչէ Փափազեանի, Անիթա Թութիկեանի, Հայաստանէն Յարութիւն Մարութեանի, Սուրէն Դանիէլեանի, Թուրքիայէն Մուրատ Ճանքարայի, Փընար Քարաքըլչըքի, Արարատ Շեքերեանի անունները: Անգլերէն, թրքերէն կամ հայերէն լեզուներով ներկայացուած զեկուցումները կը թարգմանուէին համաժամանակեայ թարգմանութեամբ:
Գիտաժողովը սկսաւ «Հրանդ Տինք» հիմնարկի վարչութեան նախագահ Ռաքել Տինքի ու Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեանի բացման խօսքերով: Տինք նշեց, թէ թրքական ինքնութեան տեսակէտէ հայկական ինքնութեան քննարկումը առիթ մըն է ազատագրուելու հայկական մտախտէն:
Հայկական ինքնութեան վերաբերեալ իր դիտարկումները բացատրելով` Մկրտիչ Մկրտիչեան նշեց, թէ հայն ան է, որ ինքզինք կը բնորոշէ որպէս հայ:
Ապա բացման զեկոյցը ներկայացուց Միացեալ Նահանգներէն փրոֆ. Խաչիկ Թէօլէօլեան` «Ինքնութիւններու տարակուսանքը` ժամանակակից հռետորաբանութեան մէջ» խորագիրով` ընդհանուր գիծերով սահմանելով գիտաժողովին առանցքը:
«Յղացական քննարկում» խորագրեալ առաջին նիստը վարեց Մկրտիչ Մկրտիչեան: Հրաչ Չիլինկիրեանի («Ի՞նչ է «հայկականը»` հայկական ինքնութեան մէջ») ու Ռազմիկ Փանոսեանի («Հայրենիքներ ու սփիւռքներ. բազմավայր-ազգային ինքնութեան կառուցումը») զեկուցումներէն ետք, անոնք պատասխանեցին ներկաներու հարցումներուն:
«Յետ-եղեռնեան արտայայտումներ», «Սփիւռքեան ինքնութիւններ եւ ժամանակատարածային ծաւալները», «Հայը որպէս ազգային ինքնութիւն», «Հայկական ինքնութեան կրօնական սահմանները», «Հայերը Թուրքիոյ մէջ», «Ինքնութեան ներկայացումը գրականութեան մէջ» խորագիրներով նիստերուն քննարկուեցան 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան ընկալումը 4-րդ սերունդին կողմէ, արուեստի ու հաւաքական ինքնութեան առնչութիւնները, անդրազգային ֆեմինիստ երկխօսութիւնը, հալէպահայերու, թիֆլիսահայերու, ֆրանսահայերու, ամերիկահայերու, ռումանահայերու, յորդանանահայերու, թրքահայերու, Պուրճ Համուտի հայերու բազմազան փորձառութիւնները, նիւթին` ազգային-կրօնական, լեզուամտածողական, ընկերա-լեզուաբանական ու գրական ոլորտներու մէջ ունեցած արտայայտումը:
Գիտաժողովի փակման կայացաւ ասուլիս մը, որ կը կրէր «Արդի կիրառում- ապագայ ուղղութիւններ» խորագիրը: Ասուլիսը վարեց պոլսահայ մտաւորական Քարին Քարաքաշլը, մասնակիցներն էին «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժնի վարիչ Ռազմիկ Փանոսեան, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Վաչէ Փափազեան, ընկերաբան փրոֆ. Արուս Եումուլ եւ Կեդրոնական վարժարանի տնօրէն Սիլվա Քույումճեան-Մարկոսեան: Ինչպէս բոլոր նիստերու աւարտին, այս ասուլիսի աւարտին ալ մասնակիցները պատասխանեցին ներկաներուն հարցումներուն:
Հոկտեմբեր 14-էն սկսեալ գիտաժողովին տեսագրութիւնը պիտի տեղադրուի https://www.youtube.com/user/HrantDinkVakfi եւ http://hrantdink.org/ կայքէջերուն վրայ: Ներկայացուած զեկոյցներն ալ կը ծրագրուի տպագրել առանձին հատորով մը:
Պոլիս, յատուկ «Ազդակ»-ին