12 Ekim 2016
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով Ֆրանսայի նախագահական պալատէն աղբիւր մը, կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հրաժարած է յաջորդ շաբաթ Փարիզ մեկնելէ` մերժելով միայն Սուրիոյ հարցով բանակցութիւններու համար հանդիպելու առաջարկը:
«Այս առաւօտեան Քրեմլինը եւ Էլիզէի պալատը կապուած են` Սուրիոյ հարցով Փութինի աշխատանքային այցելութեան առաջարկով, սակայն բացառելով այն բոլոր միջոցառումները, որոնց նախագահ Հոլլանտ կրնար մասնակցիլ», ըսած է աղբիւրը:
«Իբրեւ այս առաջարկի արձագանգ, Ռուսիա միայն նշած է, որ կ՛ուզէ յետաձգել 19 հոկտեմբերին նախատեսուած այցելութիւնը», աւելցուցած է ան:
Ռուսիոյ նախագահը պէտք է մասնակցէր ռուսական ուղղափառ նոր եկեղեցւոյ բացումին եւ պիտի այցելէր Ֆրանսայի մայրաքաղաքին մէջ ռուսական արուեստի ցուցահանդէսին:
Հոլլանտ նախապէս դատապարտած էր Սուրիոյ մէջ Ռուսիոյ գործողութիւնները եւ յայտարարած, որ ինքնիրեն հարց կու տայ, թէ արդեօք պէ՞տք է հանդիպի Փութինին, երբ ան Փարիզ այցելէ: Քրեմլին նշած էր, որ Փութին տակաւին չէ հրաժարած Ֆրանսա այցելելէ, հակառակ Հոլլանտի այդ խօսքին:
Քրեմլին աւելի ուշ յայտարարեց. «Փութին պատրաստ է Փարիզ այցելելու Հոլլանտի յարմար դատած ժամանակ», իսկ Հոլլանտ յայտարարեց. «Ես պատրաստ եմ որեւէ պահու հանդիպելու Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ»` աւելցնելով. «Ֆրանսան Ռուսիոյ հետ կարեւոր համաձայնութիւններ ունի Սուրիոյ վերաբերեալ: Սակայն երկխօսութիւնը բաց պիտի ըլլայ»: