12 Ekim 2016
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան բուռն կերպով քննադատեց Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատին` թրքական ուժերուն իրաքեան հողերուն վրայ գտնուելուն դէմ վերջինիս յայտարարութիւններուն համար:
Պոլսոյ մէջ Եւրասիոյ իսլամական խորհուրդի վեհաժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ Էրտողան ըսաւ. «Ոմանք մեզի կ՛ըսեն. «Մեր մակարդակին չէք», իսկ ես Իրաքի վարչապետին կ՛ըսեմ. «Սահմանդ գիտցի՛ր»: Թրքական բանակը իր արժէքը չկորսնցուց, որպէսզի իր ցուցմունքը ստանայ Իրաքի կառավարութեան վարչապետէն: Պիտի շարունակենք Պաաշիքայի մէջ մեր գործողութիւնները»:
Էրտողան ըսաւ, որ Ապատի զինք անձամբ կը վիրաւորէ, եւ խօսքը վերջինիս ուղղելով` ըսաւ. «Քեզի կ՛ըսեմ, որ դուն մրցակիցս չես, իմ մակարդակիս չես եւ Իրաքի մէջ գոռալդ մեզի համար բացարձակապէս կարեւոր չէ»:
Ան յայտնեց, որ իր երկիրը Իրաքի մէջ տեղի ունեցողին դիմաց չի կրնար դիտողի դերին մէջ մնալ եւ իր ականջները փակել:
Էրտողան հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ Թուրքիան կը քննադատեն, երբ ուրիշներ իրենց սահմաններէն հազարաւոր քիլոմեթրներ հեռաւորութեան վրայ զինուորական գործողութիւններ կը կատարեն, եւ ոչ ոք կը միջամտէ:
Միւս կողմէ, շիի աշխարհազօրայիններու բանբեր Ճաւատ Թիլպաուի «Թայմզ» օրաթերթին յայտնեց, որ Պաաշիքայէն թուրք զինուորներու չքաշուելու պարագային իրենք պատրաստ են յարձակման: «Մուսուլի թրքական միաւորումները օրինական թիրախ պիտի նկատուին: Թուրք զինուորներուն հետ պիտի վերաբերինք այնպէս, ինչպէս ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորման հետ», ըսած է ան: