Նիւ Եորքի Մէջ «Հայաստան» Ներդրումային Համաժողովին Կը Մասնակցին Շուրջ 100 Միջազգային Ներդրողներ - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Զօրացեալ

Հայերէն :

12 Ekim 2016  

Նիւ Եորքի Մէջ «Հայաստան» Ներդրումային Համաժողովին Կը Մասնակցին Շուրջ 100 Միջազգային Ներդրողներ -

Նիւ Եորքի Մէջ «Հայաստան» Ներդրումային Համաժողովին Կը Մասնակցին Շուրջ 100 Միջազգային Ներդրողներ Նիւ Եորքի Մէջ «Հայաստան» Ներդրումային Համաժողովին Կը Մասնակցին Շուրջ 100 Միջազգային Ներդրողներ

ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի մասնակցութեամբ Հոկտեմբեր 10-ին, Նիւ Եորքի Մէջ մեկնարկած է Հայաստանի ներդրումային համաժողովը, որուն հիմնական նպատակն է օտարերկրեայ ներդրողներուն ներկայացնել Հայաստանի ներդրումային հնարաւորութիւնները եւ։ Համաժողովը կազմակերպած է Հայաստանի զարգացման հիմնադրամը ներդրումները խթանելու նպատակով:

Հայաստանի զարգացման հիմնադրամի լրատուական ծառայութեան փոխանցմամբ, երկօրեայ համաժողովին կը մասնակցին տարբեր ոլորտներու յառաջատար ընկերութիւններ, ինչպէս նաեւ միջազգային ֆինանսական կառոյցներու ներկայացուցիչներ, փորձագէտներ եւ շուրջ 100 միջազգային ներդրողներ:

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդէս եկած է ելոյթով` անդրադառնալով Հայաստանի ներկայ տնտեսական եւ քաղաքական առաջնահերթութիւններուն, քառորդդարեայ անկախութենէն ետք Հայաստանի ձեռքբերումներուն, երկրի մրցակցային առաւելութիւններուն ու ներդրումային հնարաւորութիւններուն, իրականացուող բարեփոխումներուն, բարենպաստ գործարար միջավայրին, տարածաշրջանային շուկաներ Հայաստանի միջոցով մուտքի դիւրութեան եւ մակրոտնտեսական կայուն միջավայրին: Նախագահը ներդրողներուն առաջարկած է Հայաստանի հնարաւորութիւնները օգտագործել իբրեւ դարպաս` դէպի տարածաշրջանի հիմնական շուկաներ:

Ելոյթներով հանդէս եկած են ԵՏՀ աշխատակազմի նախագահ Տիգրան Սարգսեան, Ասիական զարգացման դրամատան փոխնախագահ Վենքա Ժանգը, Համաշխարհային դրամատան գործադիր տնօրէն Ֆրանք Հիմսքերկը, ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի անդամ Ֆրանք Փալլոնը:

Համաժողովի մասնակիցներուն ներկայացուած է համաշխարհային զարգացումներու ծիրէն ներս ձեւաւորուած` Հայաստանի կամրջող դերը Եւրոպայի եւ Ասիոյ, Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ, ինչ որ արտաքին ներդրողներուն շահաւէտ այլընտրանք կ՛առաջարկէ` յատկապէս հաշուի առնելով միջազգային տարբեր կառոյցներուն Հայաստանի անդամակցութեան եւ ազատ առեւտուրի համաձայնագիրներու առկայութեան փաստը: Շեշտուած է, որ Հայաստան 180 միլիոն շուկայ ունեցող ԵԱՏՄ անդամ պետութիւն է, ազատ առեւտուրի համաձայնագիր ունի ԱՊՀ բոլոր երկիրներու հետ, որ ընդհանուր առմամբ ունի 230 միլիոն սպառող: Հայաստան, միաժամանակ, կ՛օգտուի Եւրոպական Միութեան արտօնութիւններու համալրուած ընդհանուր համակարգէն (ԱԸՀ), որ արտօնութիւն կը տրամադրէ շուրջ 6400 ապրանքներու նկատմամբ: Երկիրը ԱԸՀ կարգ ունի նաեւ ԱՄՆ-ի, Գանատայի, Ճափոնի, Զուիցերիոյ եւ Նորվեգիոյ հետ, իսկ Իրանի հետ աւանդական դարձած առեւտրային ու տնտեսական կապերը այսօր օղակ կը հանդիսանան այլ տնտեսութիւններու համար դէպի իրանական շուկայ:

Ըստ աղբիւրին, համաժողովի ծիրէն ներս կազմակերպուած 10 լիագումար նիստերու ընթացքին հաւանական ներդրողներուն առաջին ձեռքէ` անմիջականօրէն Հայաստանի կառավարութեան ներկայացուցիչներէն, տեղեկութիւններ պիտի տրամադրուին ՏՏ, հանքարդիւնաբերութեան, գիւղատնտեսութեան, հեռահաղորդակցութեան, երթեւեկութեան, դեղագործութեան, զբօսաշրջութեան, ֆինանսական ոլորտներու մէջ Հայաստանի առաջարկած նորարարական հնարաւորութիւններու մասին: Ընդարձակ զեկոյց նախատեսուած է աեւ ֆինանսական հիմնարկներու կողմէ մասնաւոր ներդրումներու աջակցման գործիքներու վերաբերեալ:

Շարք մը օտար ներդրողներ` «Արմենիա Մարիոթ Երեւան», «Քոնթուր Կլոպըլ», «Ազատ ֆարմա ԷյՃի», «Նաշընըլ ինսթրումընթս», «Սինոփսիս», ««Զուարթնոց» միջազգային օդակայաններ», «Քոքա քոլա Հելլէնիք Արմէնիա» եւ այլ ընկերութիւններ համաժողովի մասնակից գործարարներուն պիտի ներկայացնեն Հայաստանի մէջ ներդրումներու իրենց յաջողած փորձը: Համաժողովի ընթացքին նախատեսուած են շարք մը հանդիպումներ, ՏՏ ոլորտի մէջ յուշագրի ստորագրում:

Աւելի մանրամասն տեղեկատուութիւն զետեղուած է «Հայաստան» ներդրումային համաժողովի պաշտօնական կայքին մէջ:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+