11 Ekim 2016
Պաքուի ապակառուցողական քաղաքականութեան հետեւանքով՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հազարաւոր հեկտար կողեր զրկուած են ոռոգման ջուրէ, որ մարդու իրաւունքներու եւ պետութեան ստանձնած միջազգային պարտաւորութիւններու կոպիտ խախտում է: Այս մասին, ըստ News.am-ի, յայտարարած է ԼՂՀ վարչապետի մամուլի խօսնակ Արտակ Բեգլարեան՝ մեկնաբանելով «Սարսանգի ջրամբարի սպառնալիք»ին մասին ռուսաստանցի քաղաքագէտ Սերգէյ Մարքովի յայտարարութիւնը:
«Ռուսաստանցի քաղաքագէտին յայտարարութիւնը անհեթեթներու շարքէն է: Որքան յայտնի է, քաղաքագէտները սովորաբար ջրամբարներու հարցերով ճարտարագիտական մասնագէտներ չեն, մասնաւորապէս, եթէ երբեք չեն տեսած այդ ջրամբարը: Այդ պատճառով ակնյայտ է, որ յայտարարութիւնը բացարձակապէս անհիմն է, պարզապէս քարոզչական յայտարարութիւն` եղած որոշ նպատակներով, ո՛չ աւելին:
Պաշտօնական Ստեփանակերտը բազմիցս յայտարարած է, որ Սարսանգի ջրամբարը որեւէ զգալի ճարտարագիտական խնդիր չունի, մեր մասնագէտները, պարբերաբար, անոր վիճակին վերաբերեալ հսկողութիւն կ՝իրականացնեն: Աւելին, Սարսանգի մէջ արդէն կ՝աշխատի երեք ջրակայան, որոնք կ՝ապահովեն բնակչութեան ելեկտրականութիւնը: Եթէ ոեւէ մէկը կասկածներ ունի Սարսանգի ջրամբարի ամբարտակին ամրութեան վերաբերեալ, կրնայ այցելել Արցախ եւ անձամբ համոզուիլ, որ ԼՂՀ իշխանութիւնները հոգ կը տանին մեր կարեւորագոյն աղբիւրներէն մէկուն անվտանգութեան անհրաժեշտ պայմաններուն հետեւելուն:
Ռուսաստանցի քաղաքագէտը պէտք է հասկնար, որ Ատրպէյճանը կը հրաժարի բանալ Սարսանգի իր հատուածը, որպէսզի ջրամբարէն ջուր մատակարարուի ինչպէս իր տարածք, այնպէս ալ Լեռնային Ղարաբաղի մշակուող տարածքներ: Պաքուի ապակառուցողական քաղաքականութեան հետեւանքով՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հազարաւոր հեկտար կողեր զրկուած են ոռոգման ջուրէն, որ մարդու իրաւունքներու եւ պետութեան ստանձնած միջազգային պարտաւորութիւններու կոպիտ խախտում է»,- ընդգծած է Արտակ Բեգլարեան: