11 Ekim 2016
«Պի.Պի.Սի.»-ի ռուսական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ պաշտպանութեան փոխնախարար Նիքոլայ Փանքով յայտնած է, թէ Ռուսիա մտադիր է Սուրիոյ Թարթուս նաւահանգիստին մէջ ծովուժի մնայուն ռազմակայան հաստատել:
Ըստ անոր, երկու երկիրներուն պաշտպանութեան նախարարութիւնները արդէն համապատասխան փաստաթուղթերու շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու ընթացքի մէջ են:
«Պատրաստութեան մակարդակը բաւական բարձր է, եւ մենք յոյս ունինք, որ շուտով պիտի խնդրենք վաւերացնել այդ փաստաթուղթերը», յայտնած է Փանքով:
Ան այլ մանրամասնութիւններ չէ նշած:
Մարտ 2015-ին Ռուսիոյ դաշնակցային խորհուրդի պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերով յանձնախումբի նախագահ Վիքթոր Օզերով յայտարարած էր, որ Ռուսիա Թարթուսի մէջ տակաւին լիարժէք ռազմակայան պիտի չստեղծէ:
«Այն իրավիճակը, որ ստեղծուած է Սուրիոյ մէջ, պիտի դրդէ որոշ ուժերու, ներառեալ ընդդիմադիր, լարուածութիւնը սրելու», ըսած էր Օզերով:
Ռուսիա Մտադիր Է Եգիպտոսի Մէջ Վերականգնել
Խորհրդային Ռազմակայանը
Ռուսական «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիա Եգիպտոսի հետ կը բանակցի վերջինիս տարածքին մէջ ռազմակայան վարձակալելու վերաբերեալ:
Մոսկուա մտադիր է վարձակալել եգիպտական Սիտի Պարանի քաղաքի նախկին խորհրդային ռազմակայանը:
Կը հաղորդուի, որ եթէ կողմերը համաձայնութիւն գոյացնեն, ռազմակայանը պիտի սկսի գործել 2019-ին: