Փութինի Թուրքիա Այցելութեան Ընթացքին. «Թրքական Հոսք»-ին Վերաբերեալ Ռուս-Թրքական Համաձայնագիր - Հայերէն
22 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Արփող

Հայերէն :

11 Ekim 2016  

Փութինի Թուրքիա Այցելութեան Ընթացքին. «Թրքական Հոսք»-ին Վերաբերեալ Ռուս-Թրքական Համաձայնագիր -

Փութինի Թուրքիա Այցելութեան Ընթացքին. «Թրքական Հոսք»-ին Վերաբերեալ Ռուս-Թրքական Համաձայնագիր Փութինի Թուրքիա Այցելութեան Ընթացքին. «Թրքական Հոսք»-ին Վերաբերեալ Ռուս-Թրքական Համաձայնագիր

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարարները «Թրքական հոսք» կազատարի կառուցման վերաբերեալ միջկառավարական համաձայնագիր ստորագրած են:

Համաձայնագիրի ստորագրումը տեղի ունեցաւ երէկ Պոլսոյ մէջ, ուր նախապէս բանակցութիւններ տեղի ունեցած էին երկու երկիրներու նախագահներուն միջեւ:

«Կազփրոմ» ընկերութեան ղեկավար Ալեքսէյ Միլլեր նախապէս յայտարարած էր, որ համաձայնագիրը կ՛ենթադրէ կառուցումը Սեւ ծովու յատակով անցնող կազատարի երկու գիծերու, որոնցմէ իւրաքանչիւրը պիտի ունենայ տարեկան 15,75 միլիառ խորանարդ մեթր կազ մատակարարելու հզօրութիւն: Կազատարի կառուցման աւարտը նախատեսուած է 2019-ի վերջաւորութեան:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Էրտողան յայտարարեց, որ «Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացումը կ’ընթանայ արագ կշռոյթով»` աւելցնելով, որ իրենք երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն ցուցմունք տուած են յառաջիկայ տարուան սկիզբը նոր հանդիպում մը պատրաստելու:

Փութին իր կարգին յայտարարեց. «Ռուսական կառավարութիւնը այսօր որոշեց թրքական արտադրութիւններուն դէմ հաստատուած արգելքը վերցնել»:

«Կարծիքներ եւ գաղափարներ փոխանակեցինք երկու երկիրները հետաքրքրող բազմաթիւ հարցերու վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ որոշեցինք յարաբերութիւններու բնականոնացումը շարունակել», ըսաւ ան:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+