Պապական Կոչ` Պաքուէն - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Աղջամուղջ

Հայերէն :

10 Ekim 2016  

Պապական Կոչ` Պաքուէն -

Պապական Կոչ` Պաքուէն Պապական Կոչ` Պաքուէն

Երբ Ֆրանչիսկոս պապն ու իր պաշտօնական պատուիրակութիւնը փոխադրող օդանաւը էջք կատարեց Պաքուի օդակայան, դիմաւորելու եկած էր երկրի փոխվարչապետ Ալի Հասանովը: Հոն չէր գտնուեր երկրի ղեկավար Իլհամ Ալիեւը, ոչ ալ` հլու կամակատար իր մօտիկ շրջանակը:

Նմանօրինակ ընդունելութիւն կարելի՞ է նկատել բարձրաստիճան կամ առաջին կարգի: Բնականաբար յստակ էր Ալիեւի պատգամը: Քիչ մըն ալ եթէ պրպտումներ կատարուին, եւ մանրամասնութիւններու երթանք, տեղին է նշել, թէ նոյնինքն փոխվարչապետ Հասանովը միեւնոյն ժամանակ տեղահանուած եւ գաղթական տեղացիներով զբաղող պետական խորհուրդի նախագահն է:

Դեռ յստակ չեն դիմաւորման առաջին վայրկեաններուն կատարուած փրոթոգոլային զրոյցին մանրամասնութիւնները, սակայն վստահաբար Հասանովը աղաւաղուած ձեւով եւ բացատրութիւններով կրցած է շուտով արծարծել Արցախի հիմնահարցը:

Մինչ այդ, առ ի պատրաստութիւն պապի այցին, նախագահ Ալիեւ արդէն իսկ յայտարարած էր, որ Արցախի խնդիրը պէտք է կարգաւորուի Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան վերահաստատումով:

Հետագային, Ալիեւի հետ տեսակցութեան ժամանակ, կրկին արծարծուած էր Արցախի հիմնահարցը, եւ այդ առիթով Ֆրանչիսկոս պապը զուսպ արտայայտութիւն մը կատարած էր` շեշտելով, որ` «Ազրպէյճան ժամանելով հասկցայ, թէ որքա՛ն մարդ կը տառապի այս արիւնալի հակամարտութեան պատճառով: Կ՛ուզեմ, որ միջազգային հանրութիւնը աջակցութիւն ցուցաբերէ, որպէսզի խաղաղութիւն վերահաստատուի այս տարածաշրջանին մէջ, ուր կը հանդիպին Արեւելքն ու Արեւմուտքը»: Նշենք, թէ նմանօրինակ չափաւորական արտայայտութիւն, որ բնական երեւոյթ մըն է նմանօրինակ այցելութիւններու ընթացքին, կատարուած էր նաեւ քանի մը օր առաջ, Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսի մէջ, ուր Ֆրանչիսկոս պապը անդրադարձած էր Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ մասին` շեշտելով, որ անպայման պէտք է յարգուին միջազգային օրէնքն ու ժողովուրդներու ինքնիշխանութեան իրաւունքը:

Պաքուի օդակայան ժամանած էին նաեւ կարգ մը տեղացի այլախոհներ, կամ աւելի ճիշդը` ընդդիմադիր ճակատին մնացորդացը, որոնք շատ բան կը սպասէին, մարդկային իրաւունքներու պաշտպան պապէն:

Ալիեւի հետ հանդիպումին ընթացքին Ֆրանչիսկոս պապը, առանց յաւելեալ մանրամասնութիւններու մէջ մտնելու, պարզապէս խօսակցութեան ընդմէջէն անուղղակիօրէն անդրադարձաւ մարդկային իրաւունքներուն:

Արդեօք յուսախա՞բ եղան ընդդիմադիրները: Հարցադրում մը, որ ուղղեցին միջազգային ոչ կառավարական հիմնարկներ:

Պապի այցելութիւնը տեւեց հազիւ տաս ժամ… երկրի մը մէջ, ուր կաթողիկէ դաւանանքի պատկանող հաւատացեալներու թիւը չի գերազանցեր չորս հարիւրը:

Պաքուի մէջ նորակառոյց եկեղեցւոյ մէջ հաւաքի ժամանակ խօսք ուղղելով` Ֆրանչիսկոս պապը յայտնեց. «Քա՛ջ եղէք, առանց վախի, յառա՛ջ ընթացէք»:

Տեղւոյն չորս հարիւր հաշուող կաթողիկէ յարանուանութեան անդամներուն կողքին կը գտնուէին նոյնքան թիւով տեղացիներ…





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+