09 Ekim 2016
Երէկ Օսլոյի մէջ յայտարարուեցաւ, որ Խաղաղութեան նոպելեան մրցանակը շնորհուած է Քոլոմպիոյ նախագահ Խուան Մանուէլ Սանթոսին` երկրի իշխանութիւններուն եւ Քոլոմպիոյ յեղափոխական զինեալ ուժերու խմբաւորման միջեւ 52-ամեայ քաղաքացիական պատերազմի տագնապը լուծելու առնչութեամբ կատարած փորձին համար:
Սեպտեմբերին Քոլոմպիոյ իշխանութիւնները հաշտութեան պատմական համաձայնագիր մը կնքած էին Քոլոմպիոյ յեղափոխական զինեալ ուժերու խմբաւորման հետ: Փաստաթուղթին ստորագրումը տեղի ունեցած էր քոլոմպիական Քարթախենա քաղաքին մէջ:
Պատմական փաստաթուղթին տակ իրենց ստորագրութիւնները դրած էին երկրի նախագահ Խուան Մանուէլ Սանթոս եւ ապստամբներու նախկին ղեկավար Ռոտրիկօ Լոտոնիօ Էչեւերի, որ ծանօթ է Թիմոչենքօ անունով:
52-ամեայ քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին արձանագրուած էին 260 հազար զոհեր եւ վեց միլիոն մարդիկ տեղահանուած էին: