05 Ekim 2016
Ինճիրլիքի ռազմակայանի այցին ծիրէն ներս, Թուրքիա գտնուող գերմանացի պատգամաւորները այցելած են նաեւ Հաթայի Սամանտաղ շրջանի Վաքըֆ գիւղ, որ հիմա յայտնի է իբրեւ Թուրքիոյ միակ հայկական գիւղը։ Այս մասին կը յայտնէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով թրքական «Haberler» լրատուական կայքը:
Գերմանիոյ պատուիրակութեան ներկայացուած է հայկական գիւղին եւ եկեղեցւոյ պատմութիւնը: Տեղի թանգարանի պատասխանատու Գուհար Քարթունը մասնաւորապէս տեղեկացուցած է, որ Վաքըֆի հայկական եկեղեցին վերանորոգուած է 1997-ին: Գիւղի բնակիչները հայեր են` քրիստոնեաներ: Ընդհանուր առմամբ այստեղ կը բնակի 130 մարդ (35 ընտանիք): Վաքըֆի պատմութիւնը սկիզբ կ՝առնէ 1300-ական թուականներէն:
Պատուիրակութեան անդամներու հարցին ի պատասխան` Քարթունը տեղեկացուցած է, որ եկեղեցին բաց է ուխտաւորներու համար, այստեղ, այցելութիւններ կ՝ըլլան յատկապէս Կիրակի օրերը: Թանգարանի պատասխանատուն նաեւ նշած է, որ Վաքըֆի եկեղեցին կը գտնուի Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանի ենթակայութեան ներքոյ:
Յիշեցնենք, որ Յուլիս 2-ին Գերմանիոյ դաշնային խորհրդարանը գրեթէ միաձայն հաստատած էր Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանաչող եւ դատապարտող բանաձեւը: Բանաձեւին ընդունումէն յետոյ, Թուրքիան արգիլած էր գերմանական կողմին այցելել Ինճիրլիքի ռազմակայանին մէջ ծառայող գերմանացի զինուորներուն:
Աւելի ուշ Ինճիրլիքի այցին արտօնութեան փոխարէն՝ Թուրքիան պահանջեց Գերմանիայէն հրաժարիլ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւէն: Գերմանիան, թէեւ բանաձեւէն չհրաժարեցաւ, սակայն վարչապետ Մերքելը յայտարարեց, որ Պունտեսթագի ընդունած բանաձեւը իրաւական պարադիր ուժ չունի: Այս յայտարարութենէն յետոյ, Թուրքիան, ի վերջոյ, եռամսեայ դադարէ ետք, թոյլ տուաւ գերմանացիներուն` այցելել Ինճիրլիքի մէջ գտնուող 250 գերմանացի զինուորներուն: