05 Ekim 2016
Պաշտօնական այցով Հայաստան ժամանած Գերմանիոյ Պունտեսթակի Պատուիրակութիւնը Հայաստանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Մաթիաս Քիսլերի գլխաւորութեամբ այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր եւ յարգանքի տուրք մատուցեց Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:
Ցեղասպանութեան զոհերու յուշարձանին ծաղկեպսակ դնելէ ետք պատուիրակութեան անդամները գերմանացի քահանայի մը հետ միասին աղօթք յղեցին առ Աստուած: Պունտեսթակի փոխնախագահ Եոհաննէս Զինգհամմերի գլխաւորած պատուիրակութեան անդամները ծաղիկներ զետեղեցին եւ գլուխ խոնարհեցին անմար կրակին մօտ:
Պաշտօնական այցի ծիրէն ներս Հոկտեմբեր 4-ին ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան ընդունեց Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան Պունտեսթակի փոխնախագահ Եոհաննէս Զինգհամմերի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Գերմանիոյ Պունտեսթակը Յունիս 2-ին ընդունեց Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը, որ ունի «1915 թուականի հայերու եւ միւս քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու ցեղասպանութեան յիշատակի եւ ոգեկոչման մասին» անուանումը: Բանաձեւը ընդունուեցաւ ունենալով ընդամէնը մէկ դէմ, մէկ ձեռնպահ ձայն: Ելոյթ ունեցողները միաձայն կ՛ընդգծէին անցեալի հետ առերեսման անհրաժեշտութիւնը, նաեւ` Հայաստանի եւ Թուրքիոյ հաշտեցման գործընթացին նպաստելու մղումները: Պունտեսթակի մէջ բարձրաձայնուած է Օսմանեան Թուրքիոյ ոճրագործութեան մասին` նշելով, որ Գերմանիոյ քայլը ոչ թէ հայց է եւ մեղադրանք, այլ խոնարհում զոհերու յիշատակին առջեւ: