04 Ekim 2016
Կիրակի, 2 Հոկտեմբեր 2016-ին, առաւօտեան ժամերէն սկսեալ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ կրկին շարունակեցին հրթիռարձակումները հալէպի խաղաղ բնակչութեան վրայ:
Նոյն օրը կէսօրէ ետք հրթիռակոծումի թիրախ դարձաւ Թելեֆոն Հաուաիի շրջանը: Ինչպէս նաեւ Ազիզիէ շրջանի գրախանութ «Ղասսան»ի շրջակայքը: Այս մասին կը յայտնէ PERIO NEWS-ը:
Իսկ այսօր, երկուշաբթի, 3 Հոկտեմբեր 2016-ին, զանազան շրջաններ անգամ մը եւս թիրախ դարձան հրթիռներու ինչպէս Նուր Գիւղի մզկիթին մօտ լուծարան «Նուր»-ի շէնքը, բարեբախտաբար չպայթեցաւ:
Երկու օրուան ընթացքին ինկած հրթիռներուն պատճառով արձանագրուեցան զոհեր եւ վիրաւորներ:
Միւս կողմէ կը շարունակուի սուրիական բանակի զինուորական ծանր գործողութիւնները զինեալ խմբաւորումներու վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջաններու դէմ: