04 Ekim 2016
Սթամպուլի հայկական գերեզմանատան մէջ Հոկտեմբեր 1-ին տեղի ունեցած է պոլսահայ յայտնի ճարտարապետներ Պալեաններու ընտանեկան գերեզմանակոթողին բացումը:
Ըստ News.am-ի՝ թրքական Milliyet թերթը կը փոխանցէ, որ Հրաչ եւ Յակոբ Քրմզեան եղբայրներու հովանաւորութեամբ կառուցուած Պալեաններու գերեզմանակոթողի բացման մասնակցած են Պոլսոյ հայոց պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ, արք․ Արամ Աթէշեանը, Սթամպուլի քաղաքապետ Քատիր Թօփպաշը, Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան փոխնախարար Օմեր Արըսոյը, հայ համայնքի բազմաթիւ ներկայացուցիչներ եւ լրագրողներ:
Բացման ժամանակ ելոյթով հանդէս եկած Հրաչ Քրմզեանը հարցուցած է, թէ արդեօք հնարաւո՞ր է Սթամպուլի համար այդքան բան ըրած Պալեաններու անունով փողոց կամ պողոտայ կոչել: Այս խօսքերուն ներկաները ծափերով պատասխանած են:
Սթամպուլի քաղաքապետ Քատիր Թօփպաշը իր խօսքին մէջ շեշտած է, որ Պալեաններու ընտանիքին ճարտարապետները 18 եւ 19-րդ դարերուն Սթամպուլի մէջ ճարտարապետական հրաշք կառոյցներ ստեղծած են:
Գերեզմանակոթողը կառուցած Դաւիթ Այնալըն նշած է, որ կոթողը կառուցած է Պեշիքթաշի մէջ Պալեաններու կողմէ կառուցուած Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ խորանի տեսքով:
Նշենք, որ Պալեաններու ընտանիքի ճարտարապետներուն կառուցած պալատները, աշտարակները, եկեղեցիներն ու մզկիթները ներկայիս Սթամպուլի զբօսաշրջութեան այցեքարտերը կը համարուին: