04 Ekim 2016
«Հապերթիւրք» կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման պատճառով Թուրքիոյ եւ Գերմանիոյ միջեւ ծագած ճգնաժամը վերջ գտած է: Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին որդեգրումէն ետք Թուրքիան Գերմանիոյ պատուիրակութեան արգիլած էր այցելել Ինճիրլիքի ռազմակայան:
Երկու կողմերուն միջեւ գոյացած համաձայնութեան լոյսին տակ, Պունտըսթակի պաշտպանութեան յանձնախումբի 7 անդամներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը այսօր պիտի հասնի Թուրքիա: Պատուիրակութեան անդամները պիտի այցելեն Ինճիրլիքի մէջ ծառայող գերմանացի զինուորներուն եւ տեղեկութիւններ ստանան ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի արդիւնքներուն մասին:
Ռազմակայան այցելելէ առաջ պատուիրակութիւնը պիտի այցելէ Անգարա, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ պաշտպանութեան եւ արտաքին գործոց նախարարութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ: Հանդիպումներ կը նախատեսուին նաեւ թուրք եւ ամերիկացի բանակային պաշտօնատարներու հետ: