Էրտողան Հիւսիսային Սուրիոյ Մէջ Ապահովական Գօտիի Ստեղծման Ծրագիրը Կը Բացայայտէ - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Բաւական

Հայերէն :

04 Ekim 2016  

Էրտողան Հիւսիսային Սուրիոյ Մէջ Ապահովական Գօտիի Ստեղծման Ծրագիրը Կը Բացայայտէ -

Էրտողան Հիւսիսային Սուրիոյ Մէջ Ապահովական Գօտիի Ստեղծման Ծրագիրը Կը Բացայայտէ Էրտողան Հիւսիսային Սուրիոյ Մէջ Ապահովական Գօտիի Ստեղծման Ծրագիրը Կը Բացայայտէ

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ գոյութիւն ունի ծրագիր մը` մաքրագործելու հիւսիսային Սուրիոյ մէջ 5 հազար քիլոմեթր տարածութիւն մը, որպէսզի վերածուի ապահովական գօտիի մը, որուն վերեւ թռիչքները արգիլուած են:

Ան նշեց, որ Թուրքիա կը ձգտի յայտարարելու հիւսիսային Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութենէ ազատ տարածք մը, ուր պիտի վերադառնան շրջանի բնակիչները եւ այդտեղ կազմեն անվտանգութեան ուժեր:

Բրիտանական «Ինտիփենտընթ» օրաթերթը իր կարգին բացայայտեց, որ Թուրքիա մասնայատուկ ուժերու անդամ 1000 զինուոր ուղարկած է Սուրիա` այդտեղ գաղտնի գործողութիւններ կատարելու համար:

Միւս կողմէ, Էրտողան յայտարարեց. «Գոյութիւն ունի Թուրքիոյ եւ Եգիպտոսի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման կարելիութիւն մը, եթէ վերջինս ազատ արձակէ Եգիպտոսի նախկին նախագահ Մոհամետ Մուրսին ու անոր բանտարկուած ընկերները»:

«Եգիպտոսի ներկայ իշխանութիւնը յեղաշրջումի իշխանութիւն է եւ ոչ թէ ժողովրդավարական միջոցներով գոյացած կառավարութիւն մը: Եգիպտոսի մէջ օրինականութեան դէմ յեղաշրջում կատարուեցաւ, եւ այդ սխալը պէտք է սրբագրուի: Պէտք է ժողովրդավարութեան առջեւ ճամբան բանալ», նշեց ան:

Ան բացառեց Գահիրէի հետ նախագահութեան մակարդակի վրայ որեւէ հաղորդակցութիւն, սակայն աւելցուց. «Շատ օգտակար է, որ Եգիպտոսի հետ առեւտրական յարաբերութիւններ ստեղծուին, սակայն իմ մակարդակիս վրայ հաղորդակցութիւններ չեմ ընդունիր եւ զայն անբարոյական կը նկատեմ»:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+