03 Ekim 2016
Հինգշաբթի, 29 սեպտեմբեր 2016-ի կէսօրին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ` ընդառաջելով անոր հրաւէրին: Հանդիպումին ներկայ էին Հիւսիսային Ամերիկայի արեւելեան թեմի առաջնորդ Օշական արք. Չօլոյեան, Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեան եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի միջազգային յարաբերութեանց եւ Ազրպէյճանի ու Թուրքիոյ հետ առնչուած կարգ մը հարցեր: Հանդիպումէն ետք վեհափառ հայրապետը նախարար Նալբանդեանի ճաշի հիւրը եղաւ: