03 Ekim 2016
30 սեպտեմբերի առաւօտեան կանուխ ժամերէն Հալէպը կրկին թատերաբեմ դարձաւ ռմբակոծումի: Զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ ռմբակոծեցին Հալէպի Նոր Գիւղ եւ Վիլլաներ հայաշատ թաղամասերը:
Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մօտակայքը գտնուող բնակարանի մը վրայ ինկած հրթիռի մը պատճառով արձանագրուեցան 5 հայ զոհեր եւ 11 վիրաւորներ: Նահատակուեցան քոյր ու եղբայր Միրէյ Հինտոյեանը եւ Արման Հինտոյեանը, նաեւ` Ծիլա Ճապաղջուրեանը, Յասմիկ Կիրակոսեան-Պերեճիքլեանը եւ Փիեռ Հարիրոն:
Վիրաւորուեցան Գառնիկ Կարապետեանը, Ծովիկ Գապիքեանը, Արա Արամեանը, Մարի Կարապետեանը, Արշակ Պերեճիքլեանը, Եագուպ Հարիրոն, Ճորճ Հարիրոն, Յարութ Աւագեանը, Պեթի Լախոյեան-Հինտոյեանը, Մովսէս Հինտոյեանը եւ Նազար Զարմինեանը:
Շտապ օգնութեան ծառայողներ շրջափակեցին շրջանը: Հալէպի շտապ օգնութեան մարմինի անդամները վիրաւորները փոխադրեցին հիւանդանոց:
Նոր Գիւղի մէջ գտնուող Ազգային պատսպարանի սաները ժամանակաւոր կերպով փոխադրուեցան համեմատաբար աւելի ապահով վայրեր:
Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի տնօրէնութիւնը ապահովական նկատառումներով աշակերտութիւնը անմիջապէս տեղափոխեց ներքնայարկ: